Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր Ֆերնան Քարթհայզըրը (Լիւքսեմպուրկ) հրատապ գրաւոր հարցումներ ուղարկած է Եւրոպական յանձնաժողովին՝ հետաքրքրուելով, թէ արդեօք հնարաւոր է ԵՄ ներկայացուցիչներ ուղարկել Պաքու՝ հետեւելու հայ գերիներու դատավարական ընթացքին։
Տեղեկութիւնը յայտնած է Յանուն արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան Եւրոպայի հայկական ֆետերացիան (EAFJD)։
Նշուած է`Ատրպէյճանը վերջերս հրահանգած է փակել Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի Պաքուի գրասենեակը` միջազգային միակ կառոյցը, որ պարբերաբար մուտք ունէր հայ պահուող անձանց մօտ։
Քարթհայզըրը յիշեցուցած է նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի այն յայտարարութիւնը, որ գերիներու հարցը կը շարունակէ մնալ չլուծուած, եւ անոնց ազատ արձակման ապահովումը հիմնական մարդասիրական առաջնայնութիւն է։