image

Եւրոպա «սուր» կը ճօճէ Իրանի դէմ

Եւրոպա «սուր» կը ճօճէ Իրանի դէմ

Իրանը տակաւին պատրաստ չէ իր միջուկային ծրագրի հարցով համաշխարհային գերտէրութիւններու հետ բանակցութիւններուն վերադառնալու, եւ երկրին նոր բանակցախումբը կը փափաքի քննարկել բնագրերը, որոնք յառաջ պիտի քաշուին Եւրոպական Միութեան հետ Պրիւքսէլի մէջ յառաջիկայ շաբաթներուն կայանալիք հանդիպման ժամանակ: Այդ մասին յայտնած է ԵՄ քաղաքականութեան հարցերով տնօրեն Էնրիքէ Մորան, որ բանակցութիւններու գլխաւոր համակարգողն է եւ նախօրէին այցելած է Թեհրան, որպէսզի հանդիպի Իրանի միջուկային խնդիրով բանակցախումբի անդամներուն հետ:

«Անոնք կը պնդէին, որ չեն փափաքիր բանակցիլ պարզապէս բանակցելու համար, անոնք կը փափաքին խօսիլ գործնական արդիւնքներով եւ վերջնական համաձայնութեան մասին», ըսած է պաշտօնեան:

Պրիւքսէլի մէջ հանդիպումը «լաւ գաղափար» անուանելով՝ պաշտօնեան ըսած է, որ այդ երկու երկիրներուն հնարաւորութիւն պիտի տայ ծանօթանալու բնագրերուն, որոնք դրուած են աշխատասեղաններուն Յունիսէն ի վեր, եւ պարզաբանել հարցերը, որոնք կրնան ծագիլ Իրանի նոր բանակցախումբին մօտ: