Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիտըրը եւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անտրէա Վիքթորինը Սիսիանի օդակայանին մէջ ողջունած են Եւրոպական խորհրդարանի պաշտպանութեան հարցերով ենթակոմիտէի նախագահ Նաթալի Լուազոն եւ SEDE պատուիրակութիւնը։
Ըստ առաքելութեան թուիթըրեան էջի՝ անոնք այստեղ են՝ միանալու Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան խումբին՝ դէպի Լաչինի միջանցք ծրագրուող պարեկութեան համար: