Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Euronews-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է, որ «առանց ռուս խաղաղապահներու աւելի հեշտ կ'ըլլար շփուիլը Ղարաբաղի հայերու հետ»։
«Ինչ կը վերաբերի Ղարաբաղի հայերուն, ապա կ'ուզեմ յիշեցնել, որ անոնց հետ մեր շփումները սկսած են մէկանգամէն։ Ատոնք հիմնական սովորական մարդոց հետ շփումներ էին, երբ սկսանք կառուցել Լաչինի նոր ճանապարհը, որ կ'անցնէր քանի մը հայաբնակ գիւղերով։ Տեղեկացայ, որ կապեր հաստատուած են մեր ճանապարհաշինարարներու եւ հայերու միջեւ։ Անոնք անմիջապէս սկսան ընկերանալ: Եթէ շինարարութեան առաջին ամիսներուն ռուս խաղաղապահները կ'ապահովէին երկու կողմերու անվտանգութիւնը, ապա որոշ ժամանակ անց անոնք ուղղակի հեռացան, եւ առանց ռուս խաղաղապահներու հեշտ էր շփուիլը։ Սա կը յուշէ, որ հասարակ մարդոց մեծամասնութեան սրտին մէջ ատելութիւն չկայ», -ըսած է Ալիեւ:
Ըստ անոր՝ արցախահայութիւնը պէտք է ընտրէ՝ ապրիլ որպէս Ատրպէյճանի քաղաքացիներ կամ հեռանալ: