image

Եթէ կայ որեւէ փաստաթուղթ, որ կը վկայէ Ղարաբաղի մէջ էթնիք զտումներու մասին, կը խնդրենք ցոյց տալ. Զախարովա

Եթէ կայ որեւէ փաստաթուղթ, որ կը վկայէ Ղարաբաղի մէջ էթնիք զտումներու մասին, կը խնդրենք ցոյց տալ. Զախարովա

Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան ճեպազրոյցի ընթացքին առաջարկած է, որ պաշտօնական Երեւանը ապացոյցներ տրամադրէ Արցախի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ էթնիք զտումներու վերաբերեալ:

Յունուար 8-ին Հանրային հեռուստաընկերութեան եթերին Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը յայտարարած էր․ «Մենք մինչ այժմ որեւէ բացատրութիւն չենք ստացել, թէ Ռուս խաղաղապահների ներկայութեամբ ինչպէս է տեղի ունեցել էթնիկ զտում Լեռնային Ղարաբաղում։ Ռուսաստանի Դաշնութիւնը ունեցել է նոյեմբերի 9-ի համաձայնագիր, եւ այդ համաձայնագրով պարտաւորութիւն ունէր ապահովել Լեռնային Ղարաբաղում ապրող հայերի անվտանգութիւնը։ Լեռնային Ղարաբաղում գետնի վրայ այլեւս հայ չի մնացել»։

«Կ՚ուզինք որեւէ փաստի ներկայացում, եթէ կայ գոնէ որեւէ փաստաթուղթ Երեւանի կողմէ հեղինակաւոր համարուող որեւէ միջազգային կազմակերպութենէ, օրինակ՝ ՄԱԿ-ի կամ մէկ այլ կազմակերպութեան. Եթէ կայ որեւէ փաստաթուղթ կամ յայտարարութիւն, որ ցոյց կու տայ, որ նման էթնիք զտումներ տեղի ունեցած են, կը խնդրենք տրամադրել մեզի այս փաստաթուղթի յղումները», -ըսած է ան ճեպազրոյցին:

Զախարովան յիշեցուցած է, որ ռուսական կողմը, հիմնուելով Պաքուի յայտարարութիւններու վրայ, բազմիցս կարեւորած է Լեռնային Ղարաբաղ հայ բնակչութեան վերադարձը: Անոր խօսքով՝ Մոսկուան պատրաստ է համակողմանիօրէն աջակցելու հայերու վերադարձի գործընթացին՝ յստակ արձանագրելով անոնց իրաւունքներու եւ անվտանգութեան ապահովման անհրաժեշտութիւնը: