ՀՀ Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Կիրանցի գիւղապետ Կամօ Շահինեանը համակարծիք է իր գիւղացիներու հետ եւ պատրաստ է անոնց կողքին կանգնելու։Այս մասին Շահինեանը յայտնած է լրագրողներու հետ զրոյցին։
Նշենք, որ ՀՀ–ի եւ Ատրպէյճանի սահմանապահները պիտի տեղակայուին յառաջիկայ 8-9 օրերու ընթացքին, իսկ Կիրանցի առաւել զգայուն հատուածին մէջ՝ աւելի ուշ, որովհետեւ այդտեղ որոշ մանրամասներ ենթակայ են լրացուցիչ ճշգրտման։ Այսօր վաղ առաւօտէն ԱԱԾ–էն եկած են գիւղ՝ հասկնալու համար, թէ ըստ քարտէզներու՝ բնակիչներէն որու տունը պիտի անցնի Ատրպէյճանին։ Բնակիչներն ալ ոտքի կանգնած են իրենց անհամաձայնութիւնը յայտնելու սահմանազատման արդիւնքներուն։
«Ուզո՞ւմ էք հրաժարական կը տամ, ի՞նչ էք ուզում, ես ձեզ հետ եմ, իմ ժողովրդի հետ եմ»,–ըսած է գիւղապետը։
Գիւղացիներն ալ նշած են, որ եթէ ան իր հրաժարականով կրնայ օգուտ տալ բնակիչներու խնդիրներու լուծման, թող տայ, հակառակ պարագային իմաստ չունի։ «Դու մեզ միացի, մենք էլ քո հետ ենք։ Հրաժարական տալ պէտք չի»,–ըսած են հաւաքուած կիրանցիները։
Գիւղապետը դիմած է բնակիչներուն եւ յայտնած, որ ՀՀ կառավարութենէն ներկայացուցիչ պիտի գայ Իջեւան եւ կ՚ուզէ բնակիչներէն մի քանիի հետ հանդիպիլ։ «Եթէ ակտիւ բնակիչներից մարդիկ կան, որ ուզում են գնալ, ասէք, միասին գնանք»,–ըսած է Շահինեանը։ Բնակիչներն ալ յայտարարած են, որ ոչ մէկ տեղ պիտի երթան, թող այդ ներկայացուցիչը գիւղ գայ, քանի որ իրենք բոլորն ալ ըսելիք ունին։