image

Ես չեմ պատկերացներ Հայաստանի ապագան առանց ՀԱՊԿ-ի. ՀԱՊԿ-ի նախկին քարտուղար

Ես չեմ պատկերացներ Հայաստանի ապագան առանց ՀԱՊԿ-ի. ՀԱՊԿ-ի նախկին քարտուղար

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) նախկին գլխաւոր քարտուղար Նիքոլայ Պորտյուժան Հայաստանի կազմէն դուրս գալու պատճառ չի տեսներ։

«Մենք շատ լաւ յարաբերութիւններ ունինք Հայաստանի մէջ շատ քաղաքական ուժերու հետ, հետեւաբար, իմ կարծիքով, ասոնք ժամանակաւոր երեւոյթներ են, բայց ամէն պարագայի, Հայաստանը կ՚ըլլայ Ռուսիոյ, Պելառուսիոյ եւ ՀԱՊԿ-ի հետ»,-ըսած է Պորտյուժան պելառուսական СТВ հեռուստաալիքին:

«Ես չեմ պատկերացներ Հայաստանի ապագան առանց ՀԱՊԿ-ի, պարզապէս չեմ կրնար պատկերացնել այդ ապագան, քանի որ Հայաստանն այնքան համարկուած է Ռուսիոյ, եւ ոչ միայն տնտեսապէս. Ռուսիոյ մէջ կ՚ապրին հսկայական թուով հայեր՝ մի քանի միլիոն հայ»,-ըսած է ՀԱՊԿ նախկին գլխաւոր քարտուղարը։