image

Երուսաղէմի քոյր համայնքներու սկաուտներ այցելած են ՀԵՄ-ի կեդրոն

 Երուսաղէմի քոյր համայնքներու սկաուտներ այցելած են ՀԵՄ-ի կեդրոն

Ուրբաթ, 3 Յունիս 2022-ին, տեղի ունեցաւ Սկաուտական-մշակութային օր մը մասնակցութեամբ Երուսաղէմի տարբեր Քրիստոնեայ Սկաուտական խումբերու ներկայացուցիչներուն եւ Պաղեստինի Բարձր Նախագահական Եկեղեցական Հարցերու Յանձնախումբի ներկայացուցիչներու։ 

Յայտագիրը սկիզբ առաւ երեկոյեան ժամը 5-ին երբ Միութեանս Վարչութիւնը եւ Սկաուտները դիմաւորեցին հիւրերը։ Հիւրերը առիթը ունեցան մօտ մէկ ժամ ծանոթանալ Երուսաղէմի Հայոց վանքը, այցելելով Սրբոց Յակոբեանց Մայր Տաճարը, Կիւլպէնկեան Մատենադարանը, Թարգմանչաց վարժարանը եւ Մարտիկեան Թանգարանը, որուն բոլոր վայրերու բացատրութիւնը տուաւ Պատմաբան Պրն. Գէորգ Հինդիլեանը։ 

Վանքը ծանօթանալէն ետք հիւրերը ՀԵՄ ակումբ հասան, ուրտեղ գեղարուեստական յայտագիր մը տեղի ունեցաւ։ Հանդիսութեան բացումը կատարեց Միութեանս Փոխ Ատենապետ ընկերուհի Վիքի Օտապաշեանը, ան իր խօսքին մէջ բացատրութիւն տուաւ Միութեանս պատմութեան եւ գործունէութեան մասին ապա հրաւիրեց Միութեանս Ատենապետ ընկեր Սարգիս Ճռնազեանը կատարելու իր խօսքը։ Խօսքերուն աւարտին Միութեանս պարախումբը երկու հայկական պարեր ներկայացուց եւ ընկեր Ժոզեֆ Զաարուրը հայկական երաժեշտութիւն նուագեց տուտուքի վրայ։ Ապա Գայլիկ Սարգիս Կէճէքուշեան եւ Արծուիկ Լուսինա Փանոսեանը ասմունքեցին հայկական բանաստեղծութիւններ։

Գեղարուեստական բաժնի աւարտին Պրն. Եուսէֆ Պարագադը Յանձնախումբի անունով խօսք կատարեց։ Հանդիսութիւնը հասաւ իր աւարտին երբ բոլորը հրաւիրուեցան հայկական ուտելիքներու ընթրիքի։ 

Այս օրուայ նպատակն էր ՀԵՄ-ի հարաբերութիւնները զարգացնել եւ ամրացնել Երուսաղէմի տարբեր Քրիստոնեայ Սկաուտական խումբերուն հետ ինչպէս նաեւ ծանոթացնել զանոնց Հայկական մշակոյթը, պատմութիւնը եւ հարստութիւնը Երուսաղէմի մէջ։ Նշենք որ ՀԵՄը վերջին տարիներու ընթացքին կ՝աշխատի այս ուղղութեամբ՝ կապերը զարգացնելու համար բոլորին հետ։ 

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր անոնց որ ներկայ գտնուեցան միջոցառման եւ անոնց որ մեզ օգտակար եղան պատրաստելու այս օրը։ 

ՀԵՄը պիտի շարունակէ իր կապերը զօրացնել բոլոր Քրիստոնեայ Սկաուտական խումբերուն հետ Երուսաղէմի մէջ։