Տիար Սերոբ Սահակեանէ կ'իմանանք, թէ 30 Հոկտեմբեր 2015-ին Երուսաղէմի մէջ նշուած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 125 ամեակը կազմակերպութեամբ տեղւոյն Կոմիտէութեան ինչպէս նաեւ Հ.Օ.Մ.ին Հ.Մ.Ը.Մ.ին: Միջոցառման ներկայ եղած Գերաշնորհ Տ. Արիս արք. Շիրվանեան եւ Երուսաղէմի մօտ ՀՀ պատուոյ հիւպատոս Տիար Ցոլակ Մոմճեան: Նշենք, որ միջոցառման ընթացքին ազգային եւ յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցաւ այս առիթով յատուկ Երուսաղէմ հրաւիրուած Պէյրութահայ եւ ներկայիս Հայաստան հաստատուած անուանի երգիչ Գէորգ Հաճեան: