Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան ընդունած է Ռուսիոյ իշխանութիւններու հրաւէրը՝ մասնակցելու Քազանի մէջ կայանալիք Պրիքս-ի գագաթնաժողովին, յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով։
«Առաջարկը փոխանցուած է թրքական կողմին, Էրտողանն այն ընդունած է»,- երեքշաբթի «Ինթըրֆաքս»-ին ըսած է Ուշաքով։
Նախօրէին Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովն իր հերթին ըսած էր, որ Վլատիմիր Փութինի Թուրքիա այցի ժամկէտները դեռ համաձայնեցուած չեն, այդ աշխատանքները կը շարունակուին։
Պրիքս-ի գագաթնաժողովը պիտի կայանայ 22-24 հոկտեմբեր, 2024-ին Քազանի մէջ։