Ուքրանիոյ նախագահի աշխատակազմի գրասենեակի նախկին ղեկավար Անտրէյ Երմաքը կը ծրագրէ մեկնիլ առաջնագիծ։
Ան յայտարարած է ամերիկեան New York Post հրատարակութեան տուած մեկնաբանութեան մէջ հրաժարականի դիմումը ներկայացնելէն քանի մը ժամ անց։
«Ես կ՚երթաեմ ռազմաճակատ եւ պատրաստ եմ որեւէ ճնշման։ Ես ազնիւ եւ պարկեշտ մարդ եմ»,-ըսած է Երմաքը։
Ան իր որոշումը բացատրած է անով, որ «չուզեր խնդիրներ ստեղծել» Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի համար։
Ան չէ մանրամասնած, թէ ինչպէս կամ երբ կը ծրագրէ միանալ մարտական գործողութիւններուն։