Հռոմի մէջ տեղի ունեցած միջազգային գրական մրցանակաբաշխութեան, մրցանակ շնորհուած է Էրիքա Տը Պորթոլին՝ հայ ժողովուրդին եւ մշակոյթին նուիրուած «D’anima e di pietra» ժողովածուին համար։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։
Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝
2025 Մարտ 24-ին, Հռոմի քաղաքապետարանի «Protomoteca» սրահին մէջ տեղի ունեցած «Le pietre di Anuaria» միջազգային գրական մրցանակաբաշխութեան ընթացքին, «Քննադատներու մրցանակը» շնորհուած է Էրիքա Տը Պորթոլիին՝ հայ ժողովուրդին եւ մշակոյթին նուիրուած «D’anima e di pietra» ժողովածուին համար։