image

«Երեւանը կարդում է»․ գրական-երաժշտական միջոցառում՝ մայրաքաղաքին մէջ

«Երեւանը կարդում է»․ գրական-երաժշտական միջոցառում՝ մայրաքաղաքին մէջ

Երեւանի քաղաքապետարանը 21 եւ 22 փետրուարին, կը հրաւիրէ բոլորը Շարլ Ազնաւուրի անուան հրապարակ՝ «Երեւանը կարդում է» գրական երաժշտական միջոցառման։

21 փետրուարին հրապարակին մէջ տեղի պիտի ունենայ գիրքերու տօնավաճառ, 22 փետրուարին, տօնավաճառին զուգահեռ տեղի պիտի ունենայ համերգ, որու ընթացքին ելոյթ կ'ունենան «Կաթիլ» Սոնա Գիւլխասեան- Ռաֆայէլ Պետրոսեան «Ճազ քնեքշն» եւ «Նեմրա» խումբերը։

Միջոցառման ծիրէն ներս կազմակերպուած են հանրային քննարկումներ, պիտի ըլլայ նաեւ ընթերցանութեան անկիւն, ուր ժամանակակից եւ դասական հեղինակներու ստեղծագործութիւններ պիտի կարդացուին յայտնի եւ տաղանդաւոր դերասաններու եւ արուեստագէտներու կողմէ։

Փոքրիկներու համար պիտի գործեն խամաճիկներու շարժական թատրոն, հեքիաթներու ընթերցանութեան անկիւն, վարպետաց դասեր եւ զանազան խաղեր։

Առանձին տաղաւարներու մէջ պիտի ներկայացուին բազմաթիւ հրատարակչութիւններ, որոնց գիրքերը հասանելի պիտի ըլլան մինչեւ երեսուն տոկոս զեղչով: