image

Երեւանը դէմ չէ Սիւնիքով Ատրպէյճանի անխոչընդոտ հաղորդակցութեան, բայց... Փաշինեան

Երեւանը դէմ չէ Սիւնիքով Ատրպէյճանի անխոչընդոտ հաղորդակցութեան, բայց... Փաշինեան

Հայաստանը դէմ չէ Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի արեւմտեան հատուածի միջեւ անարգել երկաթուղային հաղորդակցութեան, բայց՝ Հայաստանի իրաւասութեան շրջածիրէն ներս: Մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

«Մենք դէմ չենք անխոչընդոտ հաղորդակցութեանը, բայց անխոչընդոտ չի նշանակում շրջանցել Հայաստանի իրաւազօրութիւնը»,- շեշտած է վարչապետը:

Անոր խօսքով՝ ժամանակակից աշխարհը մշտապէս կ՚աշխատի բոլոր ուղղութիւններով անխոչընդոտ հաղորդակցութիւն ապահովելու ուղղութեամբ։

«Մենք պատրաստ ենք այդ որոշումներին»,- ըսած է Փաշինեանը:

Ան յիշեցուցած է, որ Երեւանն իր առաջարկներն ուղարկած է Ատրպէյճանին եւ կը սպասէ պատասխանի։

«Թէ ինչպէս նրանք (Պաքուն-խմբ) կ՚անուանեն դա (հաղորդակցութեան ուղիներու վերաբացումը-խմբ.), ինչպէս՝ մենք, դա առանձին թեմայ է։ Ինչ լուծում էլ լինի, մենք այն կ՚անուանենք մեր ձեւով, իրենք՝ իրենց ձեւով։ Կարեւորը հարցի բովանդակութիւնն ու էութիւնն է»,-ըսած է Փաշինեանը։

Հայաստանի վարչապետը միաժամանակ նշած է, որ պատճառ չի տեսներ, որ Ատրպէյճանը մերժէ այդ առաջարկները։

Աւելի վաղ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը յայտարարած էր, որ Պաքուն Հայաստանի նկատմամբ տարածքային պահանջներ չունի, սակայն Հայաստանը պէտք է կատարէ իր պարտաւորութիւնները՝ Նախիջեւանէն Ատրպէյճան անարգել երթեւեկութիւն տրամադրելով: