image
Հրատապ լուրեր:

Երեւանն ու Պաքուն երբեք այսքան մօտ չեն եղած խաղաղութեան պայմանագրին, Ալիեւի յատուկ ներկայացուցիչ

Երեւանն ու Պաքուն երբեք այսքան մօտ չեն եղած խաղաղութեան պայմանագրին, Ալիեւի յատուկ ներկայացուցիչ

Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը զգալի առաջընթաց գրանցած են խաղաղութեան պայմանագրի վերջնական ձեւակերպման հարցով. այս մասին Հատսընի հիմնարկէն ներս տեղի ունեցած քննարկումներու ժամանակ ըսած է այցով Միացեալ Նահանգներ գտնուող Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքովը։

Անոր խօսքով՝ կողմերը երբեք այսքան մօտ չեն եղած խաղաղութեան պայմանագրին։

«Երկու երկիրներու համար ալ պատմական հնարաւորութիւն ստեղծուած է՝ փակելու թշնամութեան էջը, փոխելու հարաւկովկասեան տարածաշրջանի տեսարանը, այն վերածելու բարիդրացիութեան, խաղաղութեան եւ կայունութեան տարածաշրջանի։ Այս գործընթացը վաղուց կ՚ընթանայ։ Միջնորդութեան շուրջ բանակցութիւնները կը շարունակուին շուրջ 30 տարի։ Սակայն անցեալ տարուան դեկտեմբերին երկու երկիրներն ալ որոշեցին, որ բանակցութիւններու վարման եւ աւարտին հասցնելու ամենաարդիւնաւէտ եւ խոստմնալից ձեւաչափը երկկողմ եւ ուղիղ ձեւաչափն է։ Այդ ժամանակէն ի վեր զգալի առաջընթաց արձանագրուած է, այդ շարքին՝ փոխվստահութեան հաստատման եւ որոշակի գործընթացներու շարունակման, այդ շարքին՝ դիւանագիտական աջակցութեան փոխանակման, որոշ կալանաւորներու ազատ արձակման եւ սահմաններու սահմանազատման ուղղութեամբ գործնական աշխատանքի մեկնարկի հարցերով», -նշած է Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչը։

Ամիրպեքովը աւելցուցած է, որ, նայելով սեղանին դրուած խաղաղութեան համաձայնագրի բնագրին, կարելի է ըսել, որ կողմերը շատ մօտ են ատոր շուրջ աշխատանքներն աւարտելուն։

Խօսելով խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման հնարաւոր ժամկէտներու մասին՝ Ամիրպեքովը նշած է, որ այդ մեծապէս կախուած պիտի ըլլայ հայկական կողմի պատրաստակամութենէն՝ վերացնելու միակ մնացած խոչընդոտը՝ Հայաստանի Սահմանադրութեամբ ամրագրուած «տարածքային պահանջները Ատրպէյճանի նկատմամբ»:

«Խաղաղութեան համաձայնագրի բնագրի մեծ մասը համաձայնեցուած է։ Մնացած բոլոր հարցերը կրնան լուծուիլ, բայց մենք չենք կրնար աւելի հեռուն երթալ եւ խաղաղութեան պայմանագիր կնքել՝ աչք փակելով այս հակամարտութեան բուն գոյաբանական պատճառի վրայ, այն է՝ Հայաստանի Սահմանադրութեամբ ամրագրուած տարածքային պահանջները Ատրպէյճանի նկատմամբ։ Մենք դեռ վստահ չենք Հայաստանի իշխանութիւններու անկեղծութեան, երբ անոնք կ՚ըսեն, որ հրաժարած են Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջներէ, քանի որ ակնյայտ հակասութիւն կայ անոնց պաշտօնական հրապարակային հռետորաբանութեան եւ սահմանադրական եւ իրաւական դաշտի հետ առկայ իրավիճակի միջեւ։ Այս հակասութիւնը պէտք է լուծուի, որ ճանապարհ բացուի դէպի հնարաւոր խաղաղութիւն», -ըսած է ան:

Անոր պնդմամբ՝ վստահութեան ամրապնդման միջոց կրնան ըլլալ, այսպէս կոչուած, «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացումը: Ըստ Ամիրպեքովի, միջանցքի բացումը կրնայ փոխել խաղի կանոնները ամբողջ տարածաշրջանի համար:

«Սա շահեկան ծրագիր է: Հայաստանի կառավարութիւնը շատ կը խօսում խաղաղութեան խաչմերուկի նախագիծի մասին: Կը կարծեմ, ատոր իրականացման միակ ճանապարհը Հայաստանին թոյլ տալն է բանալ իր չորս սահմաններէն երկուքը Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ», - եզրափակած է Ամիրպեքովը: