Իրանի տնտեսութեան նախարար Ապտոլնասեր Հեմմաթին հանդիպած է Ռուսիոյ նախագահի օգնական Իկոր Լեւիթինի հետ։ Հեմմաթին ընդգծած է, որ Իրանը կ՚ակնկալէ, որ Ռուսիան լրջօրէն կ՚աջակցի Հիւսիս-Հարաւ միջանցքի նախագիծի իրագործման։
Ան շեշտած է, որ Իրանը կը խրախուսէ այդ ոլորտի մէջ օտարերկրեայ ներդրումները եւ պատրաստ է դիւրացնելու այլ երկիրներու մասնակցութիւնը նախագիծին։ «Յոյս ունինք՝ Իրանի մէջ, յատկապէս՝ նաւթի ու լոճիսթիք նախագիծերու ոլորտի մէջ ռուսական ներդրումներու ընդլայնման ականատեսը կ՚ըլլանք»,-ըսած է Հեմմաթին։
Լեւիթինն ընդգծած է, որ Ռուսիոյ նախագահը Ռաշթ-Ասթարայի կառուցման համար պիւտճէ յատկացուցած է։ Ան շեշտած է, որ Հիւսիս-Հարաւ նախագիծի իրագործման տեխնիկական մասն աւարտած է, եւ հիմա գործնական փուլին անցնելու համար տնտեսութեան նախարարութեան հետ համակարգման կարիք ունին։