Տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման կը խոչընդոտեն արտաքին ուժերը. այս մասին յայտարարած է Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան՝ հանդէս գալով օգոստոսի վերջը պաշտօնը ստանձնելէն ի վեր առաջին մամուլի ասուլիսով, գրած է tasnimnews.com-ը:
«Արտաքին ուժերն են, որ կը խոչընդոտեն տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատմանը` ստեղծելով տնտեսական, մշակութային եւ էթնիք հակամարտութիւններ», -ըսած է Փեզեշքիանը:
Ան աւելցուցած է, որ Իրան իր հարեւան երկիրներու հետ պիտի ստեղծէ «ընդհանուր տեսակէտներ եւ լեզու»՝ խաղաղ եւ հանգիստ տարածաշրջան ունենալու համար։
Այս պարունակին մէջ Փեզեշքիանն ընդգծած է Իրանի զօրաւոր մնալու անհրաժեշտութիւնը՝ ըսելով. «Մեզի պաշտպանական ուժ պէտք է մեր ժողովուրդի եւ երկրի անվտանգութիւնը պահպանելու համար»:
Ան ըսած է, որ Իրանի եւ տարածաշրջանի երկիրներու միջեւ համագործակցութիւնն ամրապնդող միջանցքներու շնորհիւ հնարաւոր է բարելաւել Մետաքսի ճանապարհով Իրանի եւ Չինաստանի մուտքը համապատասխան շուկաներ։
Իրանի նախագահը Չինաստանը բնութագրած է որպէս «ռազմավարական» գործընկեր եւ խոստացած է զարգացնել կապերը երկու երկիրներու միջեւ։
Ան վերահաստատած է Թեհրանի՝ պատերազմներուն եւ լարուածութեան դէմ ըլլալու դիրքորոշումը, սակայն միեւնոյն ժամանակ ընդգծած է, որ Իրանը վճռական է պաշտպանելու ինքզինք՝ յարձակումէ:
«Մենք որեւէ մէկու հետ հակամարտութեան մէջ չենք», - յայտարարած է Իրանի նախագահը։
Ան ըսած է, որ իր վարչակազմը կը բանակցի Արեւմուտքի հետ վիճելի հարցերու շուրջ եւ կը զարգացնէ յարաբերութիւնները հարեւան երկիրներու հետ՝ տնտեսութիւնը բարելաւելու եւ երկարաժամկէտ նպատակներուն հասնելու համար։
Այնուամենայնիւ, ան աւելցուցած է, որ Միացեալ Նահանգները նախ պէտք է ապացուցէ, որ պատրաստ է բարեխղճօրէն բանակցիլ եւ հաւատարիմ է իր միջազգային պարտաւորութիւններուն: Իրանի նախագահը նշած է, որ մինչ այժմ ամերիկացիները «փակած են բոլոր ճանապարհները մեզի համար»։