«Դիմադրութիւն» շարժման մասնակիցները Երեւանի մէջ անհնազանդութիւն կ'իրականացնեն` տարբեր հատուածներու մէջ փողոցներ փակելով:
«Երեւանի տարբեր հատուածներից ոստիկանութեան բաժիններ է բերման ենթարկուել 286 քաղաքացի», յայտնեցին ոստիկանութենէն:
Քաղաքացիները բերման ենթարկուած են վարչական իրաւախախտումներու վերաբերեալ օրէնսգիրքի 182 յօդուածով նախատեսուած արարքի համար:
182-րդ յօդուածը կը սահմանէ` ոստիկանութեան ծառայողի օրինական պահանջը չկատարելը: