image

Երեւանի քաղաքապետարանի մէջ եւս 2 ձերբակալում

Երեւանի քաղաքապետարանի  մէջ եւս  2 ձերբակալում

Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի նախկին ղեկավար Սէյրան Մեջլումեանը եւ ճարտարապետութեան եւ քաղաքաշինութեան վարչութեան պետի տեղակալ, վարչութեան պետի պաշտօնակատար Դաւիթ Դալլաքեանը ձերբակալուած են։

Այս մասին յայտնած են Հակակոռուպցիոն կոմիտէի լրատուական ծառայութենէն։

Հակակոռուպցիոն կոմիտէէն յայտնած են, որ այս պահուն աշխոյժ քննչական գործողութիւններ կ'ընթանան։ Այլ մանրամասներ դեռ չեն յայտնած։

Յիշեցնենք, որ մարտ 13–ին յայտնի դարձաւ, որ Երեւանի փոխքաղաքապետ Գէորգ Սիմոնեանը կալանաւորուած է։ Ան ձերբակալուած էր մարտ 10-ին։