image
Հրատապ լուրեր:

Երեւանի մէջ. Տոպրակի մէջ յայտնաբերուած նորածին. Մեղադրեալ է նաեւ մայրիկը

Երեւանի մէջ. Տոպրակի մէջ յայտնաբերուած նորածին. Մեղադրեալ է նաեւ մայրիկը

Իրաւապահները յայտնաբերած են Գեղարքունիքի մարզի Ներքին Գետաշէն գիւղի մատուռի մօտ տոպրակի մէջ նորածինը թողած մայրը։ 

Տեղեկութիւնը հաստատած է Քննչական կոմիտէի մամուլի խօսնակ Գոռ Աբրահամեան։

Անոր հաղորդմամբ՝ երեխայի մօր հետ քննչական գործողութիւններ կ'ընթանան։ Քննչական կոմիտէի մամուլի խօսնակը դէպքին առնչուող այլ տեղեկութիւններ չէ յայտնած։

Յիշեցնենք, որ 24 յուլիսին Գեղարքունիքի մարզի Ներքին Գետաշէն գիւղի «Սուրբ թաղ» թաղամասին մէջ՝ մատուռի հարեւանութեամբ, տոպրակի մէջ դրուած նորածին երեխան գիւղի շուները հասցուցած էին բնակելի տուներու մօտ, ուր բնակիչները զայն նկատած էին։ Քանի մը ժամ անց երեխան մահացած էր։

Քրէական վարոյթ նախաձեռնուած է ՔՕ 247-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 1-ին կէտի յատկանիշներով (Երեխայի դաստիարակութեան կամ խնամքի պարտականութիւնը չկատարելը կամ ոչ պատշաճ կատարելը, որ զուգորդուած է անչափահասի նկատմամբ դաժան վերաբերմունքով)։