image

Թրամփ յայտարարած է, որ եթէ ինքը չըլլար, Իսրայէլը ոչնչացուած պիտի ըլլար

Թրամփ յայտարարած է, որ եթէ ինքը չըլլար, Իսրայէլը ոչնչացուած պիտի ըլլար

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Իսրայէլ գոյութիւն ունի միայն իր շնորհիւ։ Այս մասին ապ ըսած է Axios-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին։

«Եթէ Տանըլտ Թրամփը չըլլար, Իսրայէլ ոչնչացած պիտի ըլլար», յայտարարած է ան։

Թրամփ նաեւ նշած է, որ զէնքերը եւ B-2 ռազմավարական ռմբակոծիչները Միացեալ Նահանգներու ձեռքն են։

Ան աւելցուցած է, որ լաւ յարաբերութիւններ ունի Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի հետ, սակայն «անհրաժեշտ է զինք ողջախոհ պահել»։ ԱՄՆ նախագահի խօսքով՝ Իսրայէլ մեծ յարգանք կը տածէ իր նկատմամբ եւ պիտի կատարէ այն, ինչ ինք կ՚ըսէ։

Թրամփ նաեւ Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինը եւ Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտին անուանած է համաշխարհային առաջնորդներ, որոնցմով ինք ամէնէն աւելի կը հիանայ, եւ հրաժարած է նշելէ, թէ որոնք կը նկատէ տկար առաջնորդներ։