Քիշնեւ-Երեւան թռիչք իրականացուցած ժամանակ՝ FlyOne Armenia ընկերութեան կողմէ վարձակալուած օդանաւը բախում ունեցած է թռչունի հետ։ Օդանաւի վայրէջքէն յետոյ, կատարուած զննումէն ետք, պարզուած է, որ օդանաւը վնասուած է եւ հասցուած վնասը թոյլ չի տար իրականացնելու օդանաւի շահագործումը եւ որու պատճառով կը յետաձգուի Երեւան-Միլան թռիչքը։ Յայտնած են ընկերութեան դիմատետրեան էջով:
«Նշուած չուերթի կարգավիճակի վերաբերեալ տեղեկատւութիւնը ավիաընկերութիւնը (օդանաւային ընկերութիւն) կը հաղորդի յաջորդիւ։
Հայցում ենք Ձեր ըմբռնումը։
Երեւան-Միլան-Երեւան չուերթի վերաբերեալ այլ հարցերի առկայութեան դէպքում՝ խնդրում ենք դիմել համապատասխան օդանաւակայաներում ընկերութեան ներկայացուցչութիւններ»,- ըսուած է ընկերութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ: