image

Երեւանի մէջ կ՚ընթանան բողոքի եւ անհանզանդութեան գործողութիւնները

Երեւանի մէջ  կ՚ընթանան   բողոքի եւ անհանզանդութեան գործողութիւնները

«Դիմադրութիւն» շարժումը այսօր` Մայիս 19-ի առաւօտեան ժամը 8-էն ամբողջ մայրաքաղաքին մէջ անհնազանդութեան խաղաղ գործողութիւններ սկսած է` Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով: 

Երեւանի տարբեր հատուածներու մէջ անոնք փողոցներ փակած են: Ոստիկանութիւնը կը փորձէ վերականգնել երթեւեկութիւնը: 

Յիշեցնենք, որ նախօրէին բերման ենթարկուած են 360-է աւելի քաղաքացիներ: