image

Երեւանի մէջ. Եգիպտահայ հայրենակիցներ մասնակից դարձան նախագահական ընտրութեանց (Լուսանկար)

Երեւանի մէջ.  Եգիպտահայ հայրենակիցներ  մասնակից  դարձան նախագահական ընտրութեանց (Լուսանկար)

Եգիպտոսի համայնքի մասնակցութիւնը ընտրութիւններուն կ'արտացոլէ անոր գիտակցութիւնը, թէ որքան կարեւոր է  դրական մասնակցութիւն ունենալ յօգուտ  Եգիպտոս    հայրենիքին. Հայաստանի մօտ Եգիպտոսի դեսպան 

Օրերս Երեւանի մօտ Եգիպտոսի դեսապանատան մէջ տեղի ունեցած են 2024-ի Եգիպտոսի նախագահական ընտրութիւններու արտասահմանեան փուլը, որուն մասնակցած են Հայաստանի մէջ Եգիպտոսի համայնքի անդամները:  Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Հայաստանի մօտ Եգիպտոսի դեսպանատան դիմատետրեան էջէն: 

Հայաստանի մօտ Եգիպտոսի դեսպան՝ Սերենատ Սուլէյման Կամիլ հաստատած է, որ համայնքի անդամները մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են 2024 թուականի նախագահական ընտրութիւններուն նկատմամբ։ Դեսպանուհին նաեւ դիտարկած  է, որ մեր հայրենակիցները   երկրի բոլոր կողմերէն ժամանած են մայրաքաղաք Երեւան, իրենց ձայնը տալու եւ քուէարկելու, որպէս ազգային գիտակցութեան իրական  դրսեւորում։ 

Դեսպանը նաեւ բարձր գնահատած է համայնքի տարեց անդամները, որոնք ներկայ ըլլալու եւ քուէարկելու կողքին ընդգծած են իրենց կապը Եգիպտոսի հետ եւ պատաստակամութիւն յայտնած տրամադրելու որեւէ ներդրում, ի շահ հայրենիքի աւելի լաւ ապագայի: 

 Աւարտին դեսպանուհին  շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի իշխանութիւններուն, որոնք ապահոված են դեսպանատան շրջապատը, որպէսզի Եգիպտոսի քաղաքացիները աւելի հեշտութեամբ ներկայանան քուէարկութեան: