image

Երեւանի մէջ. 30-ամեայ նոր ծննդաբերած կին մը մահացած է

Երեւանի մէջ. 30-ամեայ նոր ծննդաբերած կին մը մահացած է

 

Երեւանի մէջ 6 մայիսին 30-ամեայ ծննդկան մահացած է: Ինչպէս յայտնած են առողջապահութեան նախարարութենէն, սա Մ.Մ.-ի երկրորդ յղիութիւնն էր:

 

Կնոջ մօտ ծանր ծննդաբերական գալարախտ ախտորոշած էին, եւ յղիութիւնը վարող մասնագէտները որոշած էին 36 շաբաթական ժամկէտի մէջ կեսարեան հատում իրականացնել՝ մայը եւ պտուղը փրկելու համար: Սակայն կնոջ կեանքը կարելի չէ եղած փրկել: Նորածին երեխայի վիճակը ներկայիս լաւ է:

Նշենք, որ ծննդաբերական գալարախտը (փրեէքլամփսիան) յղիութեան ժամանակ հանդիպող վտանգաւոր վիճակ է, որ կը բնութագրուի զարկերակային գերճնշումով եւ յաճախ մէզին մէջ սպիտակուցի զգալի քանակութեամբ։ Սովորաբար այս ախտորոշումը կը դրուի յղիութեան 20-րդ շաբաթէն ետք։  Այն վտանգաւոր բարդութիւն է, որ կրնայ յանգեցնել թէ մօր, թէ պտուղի մահուան: