Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին մէջ ատրպէյճաներէն «Ղարաբաղ» երգողներու տեսանիւթի տարածողը ձերբակալուած է։ Տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ քննչական կոմիտէն։
Նշենք, որ 30 յունուարին համացանցով տարածուած էր տեսանիւթ մը, ուր խումբ մը մարդիկ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին մէջ ատրպէյճաներէն լեզուով Ղարաբաղի մասին երգ կ'երգեն։ Յաջորդ օր Ազգային Անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) հաղորդագրութիւն տարածած է, որ երգողները Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան քաղաքացիներ են, եւ առերեւոյթ յանցանքի մասին հաղորդում ներկայացուցած ՀՀ քննչական կոմիտէին։
Կոմիտէն պարզած է, որ 30 յունուարին, իր կողմէ օգտագործուող «Ռազմավարական հետազօտութիւնների անկախ կեդրոն» դիմատետրեան էջով տեսանիւթը հրապարակած է Ղ․ Բ․։
«Տուեալ անձը տեսանիւթի էութիւնը խեղաթիւրող մեկնաբանութիւններ է գրել՝ այդ կերպ տարածելով ՀՀ իշխանութիւնների եւ ոստիկանութեան ծառայողների նկատմամբ ատելութիւն, անհանդուրժողականութիւն եւ թշնամանք հրահրելուն ու քարոզելուն ուղղուած նիւթ եւ հրապարակային խօսք»,– ըսուած է ՔԿ հաղորդագրութեան մէջ։
Նշուած արարքը կատարելու համար Ղ․Բ.–ի նկատմամբ յարուցուած է հանրային քրէական հետապնդում ատելութիւն, խտրականութիւն, անհանդուրժողականութիւն կամ թշնամանք հրահրելուն կամ քարոզելուն ուղղուած հրապարակային խօսքը, ինչպէս նաեւ այդ նպատակով նիւթեր կամ առարկաներ տարածելը յօդուածով։
Ղ․Բ. ձերբակալուած է եւ անոր նկատմամբ կալանքը որպէս խափանման միջոց ընտրելու միջնորդութիւն ներկայացուած է դատարան։