image
Հրատապ լուրեր:

Երեւանէն Մոսկուա թռչող օդանաւուն մէջ՝ ազդանշան նկատուած է

Երեւանէն Մոսկուա թռչող  օդանաւուն մէջ՝ ազդանշան նկատուած է

Hawker 800A օդանաւը Երեւան-Մոսկուա թռիչքէն մի քանի վայրկեան անց տագնապի ազդանշան տուած է, յայտնած է ԹԱՍՍ լրատուական գործակալութիւնը՝ յղում տալով Flightradar24-ին։

Օդանաւը օդ բարձրացած է Երեւանէն, Մոսկուայի ժամանակով 17:40-ին եւ  քանի մը վայրկեան անց, երբ թռած է Ատրպէյճանի տարածքի վրայէն, տագնապի ազդանշան տուած, որու քոտը կը նշանակէ վթարային կամ այլ արտակարգ իրավիճակ։

Օդանաւը շարունակած է թռիչքը. այն պէտք է վայրէջք կատարէ Մոսկուայի «Վնուքովո» օդակայանին մէջ, տեղական ժամանակով 21:52-ին: Մանրամասն տեղեկութիւններ չկան։