image

Երբ կը գրես...

Երբ կը գրես...

Երբ կը գրես՝ գրէ անմահ 

Ապրումները հայ դարերու, 

Մեռոնլըւայ արցունքներով 

Օժտըւած կեանքերը հայկեան, 

Հմտութիւնը գրէ հոգւոյդ, 

Զիչիր՝ սրտիդ լեզւով գրէ, 

Մեսրոպատառ քաղցր լեզւով, 

Որ լաւն ու վատը իմանան։

 

Երբ կը գրես՝ իմաստութիւն, 

Ժուժկալութիւն տուր մարդկութեան, 

Երկրիդ մասին՝ գրէ անխոնջ, 

Տիրոջ մասին՝ գրէ խինդով, 

Ապագային յոյս տուր գրչով, 

Նոր սերունդին՝ ուժ հոգեթով։

 

Երբ կը գրես՝

Կապէ կեանքդ այս աշխարհին, 

Սակայն հոգիդ՝ տուր եդեմին, 

Որ լաւ ճանչնայ մարդը դաժան, 

Իր կեանքը սուղ, մէկ ալ աժան։ 

Գրէ որպէս մէկ բանաստեղծ, 

Գրէ որպէս աստուածաբան։

 

Երբ կը գրես՝

Անգամ մըն ալ աչքիդ նայէ, 

Անոր խորքը բարին փնտռէ, 

Եւ այդ բարի ճանապարհով, 

Քու գրիչըդ թուղթին յանձնէ։

 

Իսկ երբ դողայ սիրտըդ սարսափ՝ 

Ու փոթորկէ տեղատարափ՝ 

Շըւար, մուգին, անտէր պահուն՝ 

Քու գրիչըդ Տիրոջ յանձնէ, 

Որ անունը երեք տառով 

Սրտիդ վրան ան մակագրէ, 

Որ ի վերջոյ, յոգնած մարդուն՝ 

Սոյն գրիչըդ ՍԷՐ փոխանցէ։

 

Կայլակ

«Ոսկէ Օրէնքը» գիրքէն

 

 

 

Կայլակ

Կայլակ

ԿԱՅԼԱԿ Բուն անունով Մկօ Փանոսեան: Ծնած է 1974...