Հայաստանը իր կողմէ քայլեր կ՚իրականացնէ, եւ այդ քայլը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքումն է:
Այս մասին յայտարարած է ԱԺ խօսնակ Ալեն Սիմոնեանը՝ անդադառնալով Իլհամ Ալիեւի յայտարութեան, թէ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը պէտք է համատեղ դիմեն Մինսքի խումբին՝ այն լուծարելու համար:
«Մինսկի խմբի հետ կապուած խօսակցութիւններն այն խօսակցութիւններն են, որոնք կարող են լինել խաղաղութեան պայմանագիրը կնքելուց յետոյ: Այսինքն՝ երբ խաղաղութեան պայմանագիր է կնքւում, դրա իմաստը կորչում է, որովհետեւ չէ՞ որ հենց նոյն Ադրբեջանն ասում է, որ իբր Հայաստանն ինչ-որ նկրտումներ ունի, մենք ինչ-որ նկրտումներ ունենք, ինչ-որ պահանջներ ունենք: Ասում եմ՝ խաղաղութեան պայմանագիրը կը կնքենք, եւ հարցը դուրս կը գայ»,- նշած է Սիմոնեանը:
ԱԺ խօսնակը նաեւ տարակուսանքով նշած է, որ երբ 2 երկիրները մօտ են խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման, երբ արդէն համաձայնութիւններ կան, ինչո՞ւ Ալիեւը կը փորձէ հարուածել խաղաղութեան գործընթացին:
Նշենք՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ թուրքական երկիրներու խորհրդարաններու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման յայտարարած էր, թէ եթէ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը չփոփոխուի, Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքումն ուղղակի անհնար է:
Ալիեւ նշած է, թէ Հայաստանը Սահմանադրութեամբ ամրագրուած կէտով «տարածքային պահանջներ ունի Ատրպէյճանէն», որ, անոր խօսքով, անընդունելի է։