image

Ատրպէյճանի խորհրդարանը դիմած է Ալիեւին՝ արտահերթ ընտրութիւններ նշանակելու խնդրանքով

Ատրպէյճանի խորհրդարանը դիմած է Ալիեւին՝ արտահերթ ընտրութիւններ նշանակելու խնդրանքով

Ատրպէյճանի Միլլի մեճլիսը (Խորհրդարանը) արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ նշանակելու վերաբերեալ երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւին ուղղուած դիմումի վերաբերեալ որոշման նախագիծ պատրաստած է։ Որոշման բնագիրը ընթերցած է պատգամաւոր Թահիր Ռզաեւը, յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։

Այդ կապակցութեամբ խորհրդարանին մէջ ստեղծուած է յանձնաժողով։

Ատրպէյճանի իշխող «Եէնի Ազերպայճան» կուսակցութեան վարչութեան յունիս 20-ի նիստին կուսակցութեան պատգամաւորները միաձայն որոշում ընդունած էին՝ դիմել Ատրպէյճանի նախագահին Միլլի մեճլիսը լուծարելու համար։

Կուսակցութեան փոխնախագահ Թաիր Պուտանովն ըսած էր, որ խորհրդարանական ընտրութիւնները պէտք է կայանան նոյեմբերին Պաքուի մէջ կայանալիք կլիմայի հարցերով միջազգային COP 29 նստաշրջանի ժամանակ։

Ատրպէյճանի մէջ վերջին նախագահական ընտրութիւնները եւս կայացած են արտահերթ կարգով՝ նախատեսուած ժամկէտէն քանի մը ամիս շուտ։