Արուեստի սիրահարներ շատ լաւ գիտեն, թէ երաժշտութիւնը միայն ձայնանիշերու համադրում չէ։ Երաժշտութիւնը իմաստ մը պէտք է ունենայ, գաղափար մը, իւրայատուկ լեզու մը, որ անկախ ազգութենէ՝ անխտիր բոլորը կը հասկնան։ Իսկ այս բոլորը լաւագոյնս իրագործելու համար անհրաժեշտ է վարպետութիւն։
Այս անորոշ օրերուն, երբ ամբողջ մարդկութիւնը տարբեր ճգնաժամերու դէմ յանդիման է, մեր հոգիի համար ամենալաւը, անկասկած, արուեստն է։ Թէեւ մշակոյթի եւ արուեստի ոլորտը տակաւին կը փորձէ յաղթահարել համաճարակի օրերու ծանր հարուածները, սակայն յուզական ու ֆիզիքական մաշուածութեան բուժումը կը գտնենք՝ մա՛նաւանդ երաժշտութեան մոգական ուժին մէջ։
Արդարեւ, իր դարաւոր պատմութեան ընթացքին հայ ժողովուրդը կազմեց իւրայատուկ մշակոյթ մը, որուն հարստութիւնն ու յատկութիւնները փաստուած են գրականութեան, ճարտարապետութեան, արուեստներու միջոցաւ, ինչպէս նաեւ երաժշտական արուեստին մէջ։ Հայերու համար երաժշտութիւնը հոգեւոր, մշակութային, կենցաղային աւանդութիւնները, ինչպէս նաեւ պատմութիւնը ցոլացնելու միջոց մը եղած է եւ փոխանցուած է սերունդէ սերունդ։ Բայց եւ այնպէս, ներկայիս յաճախ թախիծով ու տրտմութեամբ կը լեցուի մեր սրտերը, երբ հայութեան անցեալի պատմութիւնը, արժէքները կը կամրջուին նորօրեայ իրականութիւններու հետ։ Կամայ թէ ակամայ, յոյզերու ալիքներուն կ՚ենթարկուինք նախ եւ առաջ մեր ինքնութեան բերումով, պոլսահայութեան դարերու հոլովոյթին մէջ գնահատելի ու մեծ աւանդով, ապա կորսուելու վտանգին դէմ յանդիման մնացած հայկական արժէքներու ցաւով, այնուամենայնիւ փայլուն ապագայ մը կառուցելու վճռակամութեամբ, ունեցածի մասին հպարտութեամբ արտայայտուելով…
Այսպէս, անցեալ շաբաթ պոլսահայութեան տեսակէտէ հպարտութեամբ արտայայտուելու առիթ էր Հայաստանէն ժամանած երկու արժէքաւոր արուեստագիտուհիներու՝ Երեւանի Պետական օփերայի մեներգչուհիներէն Տիանա Յարութիւնեանի, Երեւանի «Կոմիտաս» պետական երաժշտանոցի դասախօսներէն Մարգարիտ Սարգսեանի եւ մեր համայնքէն պարիթոն Արթիւր Պաղտասարեանի եզակի ու բացառիկ համերգներու ծրագիրը։ Անոնք աննախընթաց վայելքի մը արժանացուցին երաժշտասէրները, ինչ որ հպարտառիթ էր։ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի եւ Թուրքիոյ կաթողիկէ հայոց առաջնորդարանի համագործակցութեամբ կազմակերպուած երկու համերգները ճոխ յայտագրով առինքնեցին ունկնդիրները։
Այդ հպարտութիւնը ապրուեցաւ նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատան մէջ։ Մարգարիտ Սարգսեան, Արթիւր Պաղտասարեան ու Երեւանէն ժամանած արուեստագիտուհիներուն ընկերացած լրագրող Վահագն Զաքարեան իրենց կեցութեան օրերուն այցելեցին նաեւ թերթիս խմբագրատունը։ Հաճելի զրոյցի մթնոլորտին մէջ արժէքաւոր արուեստագիտուհի Մարգարիտ Սարգսեանը մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ համերգաշարի գաղափարին, մտայղացման, կազմակերպման ընթացքին մասին։ Ան նախ անդրադարձաւ սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Յակոբ Այնթապլեանին, որու ծննդեան 85-ամեայ յոբելեանին առթիւ համերգի ծրագրի առաջին բաժնին մաս կազմած էին իր բանաստեղծութիւններու յօրինումները, որոնք կատարուած էին Մարգարիտ Սարգսեանի կողմէ։ Ըստ իրեն, այս աշխատանքը այդքան ալ դիւրին չէր, քանի որ Այնթապլեան «փակ» անձնաւորութիւն մըն էր, բայց ինքզինք կը բանար իր ստեղծագործութիւններուն մէջ։ Իր գործերը յօրինելու ժամանակ, Մարգարիտ Սարգսեան փորձած է ներթափանցել Այնթապլեանի ներաշխարհին եւ այդ հիման վրայ կատարելագործել իր «արկածախնդրութիւնը»։
Զրոյցի տեւողութեան Մարգարիտ Սարգսեան բացատրութիւններ տուաւ նաեւ յայտնի յօրինող Նիկոլ Գալանտէրեանի մասին, որու գործերը համերգաշարի երկրորդ փուլի գերակշիռ բաժինը կը կազմէին։ Սարգսեանի արհեստավարժ վերամշակումով Գալանտէրեանի գործերը նոր շունչ մը ստացած էին եւ այսպէսով իր մասնագիտական ջանքերով կատարուած աշխատանքի պտուղները յաջողութեամբ հրամցուեցան երաժշտասէրներուն։ Հիւրերը տեղեկութիւններ տուին Իսթանպուլի ֆիլարմոնիի միութեան հովանաւորութեամբ կազմակերպուած «Արեւմուտքէն Արեւելք երաժշտութեան կամուրջ» խորագրեալ համերգին մասին։ Մարգարիտ Սարգսեան յատնեց, որ համերգին նպատակն է երաժշտութեան միջոցով արեւմտեան եւ արեւելեան մշակոյթներու միջեւ կամուրջ մը կառուցելով մարդիկ ի մի բերել։ Սոյն համերգի յայտագրին ներգրաւուած էին համաշխարհային համբաւ ձեռք բերած թէ՛ հայ եւ թէ օտարազգի յօրինողներու ստեղծագործութիւնները։ Անոնք մասնաւորապէս նշեցին, թէ երեք փուլէ բաղկացեալ համերգաշարով ներկայացուած են ընդհանուր առմամբ 45 գործ, ինչ որ գնահատելի աշխատանքի մը արգասիքն է։
Անկասկած, երաժշտութիւնը հիանալի գործիք մըն է, որ կը համախմբէ բոլորովին տարբեր մշակոյթներէ, տարբեր կրօններէ եւ լեզուներէ մարդիկ ու զանոնք կը համախմբէ նաեւ ընդհանուր հիմքի վրայ: Արդարեւ, վերջին քանի մը տարիներուն ազգային միասնականութեան ուղղուած կոչերը ամենատարածուած երեւոյթներէն մին է հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ: Միասնականութեան հանդէպ տրամադրութիւնները կը սրին եւ կը մեղմանան ըստ պայմաններու: Յամենայնդէպս, միասնականութեան ուղղուած կոչերը աշխոյժ են ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ մեծ չափով կը շօշափուին նաեւ սփիւռքի մէջ: Միասնականութեան մասին խօսելու ժանամակ հարկ է ընդգծել նախ եւ առաջ մշակութային ձեռնարկներու միացնող գործօնը։ Յոյսով ենք, թէ միասնականութեան ուղղեալ կոչերը կ՚արդարանան ու մշակոյթներու միջեւ հաստատուած կամուրջը ա՛լ աւելի կ՚ամրապնդուի:
Այսօր երբ կը խօսինք ազգային միասնականութեան մասին, նախ եւ առաջ պէտք է այդ միտքը դիտարկենք ո՛չ թէ քաղաքական, այլ ընկերային, մշակութային փիլիսոփայական միտքի կիրառումով, որ հնարաւորութիւն կու տայ գտնելու այն նշաձողերը, որոնց հիման վրայ նախ տեղի կ՚ունենայ մշակութային, հոգեբանա-փիլիսոփայական միասնականութիւնը եւ ապա՝ աւելի գործնական մակարդակի դրսեւորումները:
Պիանքա Սարըասլան
Նիւթը՝ «Ժամանակ»էն / Պոլիս