image

Երասխի դիրքին մէջ հակառակորդի կրակոցէն զինուոր զոհուած է

Երասխի դիրքին մէջ հակառակորդի կրակոցէն զինուոր զոհուած է

Երասխի հատուածին մէջ տեղակայուած մարտական դիրքուն մէջ հակառակորդին կրակոցէն 22 Մարտի յետմիջօրէն ժամը 4:20ի շուրջ մահացու փամփուշտ ստացած է պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի զինուորական ծառայող Արշակ Սերեօժայի Սարգսեան:

Այս մասին տեղեկացուց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: