image

Եպիսկոպոսներն ու արքեպիսկոպոսները չեն պարզաբանած, թէ ինչու չէին ներկայացած Գերագոյն խորհուրդի նիստին․ Տէր Եսայի քահանայ Արթենեան

Եպիսկոպոսներն ու արքեպիսկոպոսները չեն պարզաբանած, թէ ինչու չէին ներկայացած Գերագոյն խորհուրդի նիստին․ Տէր Եսայի քահանայ Արթենեան

Եպիսկոպոսներն ու արքեպիսկոպոսները պատշաճ տեղեկացուած եղած են, սակայն չեն պարզաբանած, թէ ինչու չէին ներկայացած Գերագոյն խորհուրդի նիստին։ Այս մասին Մայր տաճարի բակին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է տէր Եսայի քահանայ Արթենեանը։ 

Անդրադառնալով Աստուածամուխ սուրբ գեղարդը դուրս բերելուն՝ ան նշած է, որ այս սրբութիւններէն բխող ուժը պայքարելու, ճշմարիտ ճանապարհին հաստատուն քալելու ուժ կու տայ իրենց։ 

«Հայոց առաջին լուսաւորիչներ սուրբ Թադէոս եւ սուրբ Բարդուղիմէոս առաքեալներու պատգամը դարերի խորքից միշտ մեզ առաջնորդում է լինել հաւատարիմ Աւետարանի պատգամներին, Քրիստոսի լոյսին։ Հայ ժողովուրդն իր դարում բազմաթիւ փորձութիւններ է ապրել, սակայն դրանք յաղթահարել է Աստծոյ օգնութեամբ եւ իր պատգամների շնորհիւ»,–ըսած է ան։