Երեւան ժամանած ԵՄ դիտորական մասնագիտական խումբը, որ պէտք է նախապատրաստէ այս ամիս սպասուող ԵՄ դիտորդներու այցը, բաղկացած է 8-10 մասնագէտներէ. անոնք Հայաստան պիտի մնան մինչեւ յաջորդ երեքշաբթի։ Այս մասին «Ազատութեան» յայտնած է ԱԳ փոխնախարար Պարոյր Յովհաննիսեանը:
«Այդ ընթացքում Եւրոմիութեան մասնագէտները կը լինեն Հայաստանի սահմանային տարբեր շրջաններում, տեղում կը ծանօթանան իրավիճակին եւ կ'որոշեն, թէ յետոյ ժամանող Եւրոմութեան քաղաքացիական դիտորդները կոնկրետ որ վայրերում են տեղակայուելու։
Թէ առաջիկայում Եւրոմիութեան քանի դիտորդ կը տեղակայուի հայ- ատրպէյճանական սահմանին, առայժմ յայտնի չէ։ Մասնագիտական խմբի այցի արդիւնքում այդ հարցը նոյնպէս կը քննարկուի»,- ըսած է Պարոյր Յովհաննիսեան։
Ըստ «Ազատութեան» դիւանագիտական աղբիւրներու՝ առաքելութեան կազմին մէջ պիտի ըլլան մինչեւ 50 դիտորդ։