image

Էլիսայի մէկ գրառումը «տագնապ»ի պատճառ

 Էլիսայի  մէկ գրառումը «տագնապ»ի պատճառ

Լիբանանցի  աստղ Էլիսայի  դվիթերեան գրառումը տագնապ ստեղծած է։ 

Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Էլ. Պի. Սի. Այ.» կայանը։

 

 Աղբիւրը մասնաւորապէս կը նշէ, որ հանրաճանաչ  երգչուհիին «Նոյնիսկ եթէ առանձինս մնամ   գլուխս բարձր պիտի պահեմ, քանզի գիտեմ, որ Աստուած միշտ կողքիս է» գրառումը  հարցումներու եւ տագնապի առիթ հանդիսացած է մանաւանդ Էլիսան սիրողներու շրջանակին մէջ։

 Նշենք նաեւ, որ Էլիսան վերջերս  Միացեալ Նահանգներ մեկնած էր բուժումներ ստանալու նպատակով եւ անոր առողջական վիճակին  մասին տեղեկութիւններ չէին հրապարակուած։