image

Եղցահողն ամբողջութեամբ շրջապատուած է ատրպէյճանցիներով. Արցախի ՄԻՊ–ը կ'ահազանգէ

Եղցահողն ամբողջութեամբ շրջապատուած է ատրպէյճանցիներով. Արցախի ՄԻՊ–ը կ'ահազանգէ

Շուշիի շրջանի Եղցահող համայնքն ամբողջութեամբ շրջապատուած է ատրպէյճանցիներով եւ բնակիչները տարհանելու հնարաւորութիւն չկայ։ X–ի իր էջին ահազանգած է Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը։

Ան նշած է, որ Եղցահողը ներկայիս ունի մօտ 150 բնակիչ, եւ անոնք ատրպէյճանական թիրախի տակ յայտնուած են:

«Ադրբեջանի զինուած ուժերը աւերել են համայնքի դպրոցը։ Բնակիչներին տարհանելու հնարաւորութիւն չկայ, նրանք ամբողջութեամբ շրջապատուած են ադրբեջանցիներով»,–գրած է Ստեփանեանը։