Մարտ 31-էն Ապրիլ 1 աշխատանքային այցով Երեւան կը ժամանէ ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Լեհաստանի արտաքին գործերու նախարար Զպիկնեւ Ռաուն:
Ապրիլ 1-ին ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ պիտի կայանայ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի հանդիպումը, որուն պիտի յաջորդեն մամուլի համար յայտարարութիւնները:
Այցի շրջանակներուն մէջ կը նախատեսուին նաեւ Զպիկնեւ Ռաուի հանդիպումները ՀՀ նախագահին ու վարչապետին հետ: