Լիբանանի մէջ ընթացող պատերազմին, ստեղծուած դրութեան եւ յատկապէս հայահոծ թաղամասերուն ու լիբանանահայութեան իրավիճակին մասին հեռավար կապով զրուցած եմ լիբանանահայ համայնքային գործիչ՝ Տօքթ. Կոստան Եափուճեանին հետ։
Ստորեւ՝ հարցազրոյցի սղագրութիւնը։
-Տոքթ. Եափուճեան, այս օրերուն ինչպիսի՞ն է վիճակը Պէյրութի մէջ, ինչպէս նաեւ հայահոծ շրջաններուն մէջ:
Այսօրուայ դրութեամբ կը շարունակուի նոյն անորոշ վիճակը Լիբանանի մէջ, այդ սպասման վիճակը, որ արդէն կ’երկարի մի քանի շաբաթէ ի վեր: Տարբեր քաղաքներ ռմբակոծումի կ’ենթարկուին, կ’ընդլայնուին այն տարածքները, ուր Իսրայէլը կը հարուածէ: Միեւնոյն «Հըզպալլա»ն ուժեղ դիմադրութեան ցոյց կու տայ , գրաւուած եւ սահմանային շրջաններուն մէջ: Գալով մեր հայկական գաղութին՝ հայ համայնքին, որ նոյնպէս սպասման վիճակի մէջ է, թէ ի՞նչ պիտի պատահի, ո՞ւր կ’երթանք, ե՞րբ պիտի վերջանայ այս ամէնը: Ասոնք հարցումեր են, որոնց պատասխանը չունինք, բայց ստիպուած ենք սպասելու, գոյատեւելու եւ աղօթելու, որ մեր շրջանները զերծ մնան հարուածներէ։
-Այս պատերազմը, ըստ շատ մը լրագրողներու, վերլուծողներու աննախադէպ էր, եթէ հաշուի առնենք 2006 թուականի պատերազմը, բայց միեւնոյն ժամանակ, ինչպէս դուք ձեր խօսքին մէջ նշեցիք, եթէ Իսրայէլի հեռահար նպատակը Լիբանանի սահմանային հատուածը «Հըզպալլա»ի զինեալները հեռացնելն է, ապա այդ ծրագիրը պիտի չյաջող։ Ու այս բոլորով հանդերձ, ի՞նչ են առկայ «սենար»ները։
Իսրայէլը ամէնէն մահացու հարուածները հասցուց «Հըզպալլա»ին, ոչնչացուց իր առաջին եւ երկրորդ կարգի ղեկավարները, ոչնչացուց երեքէն չորս հազար պատասխանատուներ «Փէյճըր»ի պատմութեան մէջ: Ըստ տրամաբանութեան, յաջորդ քայլը պիտի ըլլար ջախջախել սահմանակից շրջանները, ճեղքել եւ հասնիլ իր թիրախներուն, նուազագոյնը մինչեւ Լիթանի գետ: Սա, Իսրայէլի երազած «Սենար»ն է: Միւս կողմէ իսրայէլեան բանակը հարուածներ տուաւ, ուղղակի քանդելու եւ ոչնչացնելու նպատակով: Պարզ է, որ տարիներէ ի վեր ան արդէն գիտէր, թէ ինչ թիրախներու պիտի հարուածէ: Բայց եթէ ամէն ինչ կազմակերպած է, չի նշանակեր, որ պիտի յաջողի: Անոր դիմաց, դիմադրութիւնը, որ կատարուեցաւ եւ հարուածները, որոնք հասցուեցան իսրայէլեան բանակին, տանելի եւ ընդունելի չեն Իսրայէլի ժողովուրդին եւ կառավարութեան համար: Ստեղծուած պատկերին, եթէ տրամաբականօրէն մօտենանք, ապա հարկ է ըսել, որ Իսրայէլը յաղթական է այնքան ատեն, որ օդանաւային հեռահար հարուածներ կը հասցնէ եւ կը վնասէ: Ան չի յաջողիր երբ գետնի վրայ կը պատերազմի: Ենթադրաբար աւելի ուժ պիտի տայ օդային հարուածներուն, որպէսզի գոնէ այդ սահմանակից շրջաններուն մէջ քիչ վնաս ստանայ: Ենթադրաբար դարձեալ պատերազմը պիտի երկարի, որովհետեւ այն ինչ որ Կազզէի մէջ ըրաւ, կը փորձէ այստեղ ընել, բացի եթէ պատերազմը կասեցնելու միջազգային միջամտութիւն մը ըլլայ: Պատերազմը շարունակուելու պարագային, ենթադրաբար վնասները շատ աւելի պիտի ըլլան, ցամաքային պաշարումը արդէն սկսած է, դէպի Սուրիա ճանապարհները կը քանդուին, իսկ օդակայանն ու նաւահանգիստը համաձայնութեամբ մը տակաւին բաց կը պահուին: Եթէ պատահի որ այդ կենսական կառոյցներն ալ փակուին, ապա մենք շատ վատ վիճակի մը մէջ պիտի յայտնուինք: Յուսանք, որ միջազգային ինչ որ համաձայնութեան մը հասնինք եւ դադրի այս պատերազմը:
-Գալով մեզի յուզող հարցերուն, ամէն անգամ, որ Լիբանանի մէջ լարում մը կը սկսի, ըլլայ ատիկա բողոքի ցոյցերու կերպով կամ ներքին որոշակի լարուածութիւններու հիմքով, կը խօսուի այն մասին, որ Լիբանանը ենթակայ է ներքին, քաղաքացիական բախումներու, կամ «պատերազմ»ի: Այսօր ինչքանո՞վ հաւանական է այդ մէկը։
Իսրայէլի նպատակներէն մէկն է նաեւ ներքին պատերազմ հրահրելը, որ երբ ինք կասեցնէ իր յարձակումները, այնպիսի իրավիճակ ստեղծէ, որ սկսի ներքին պատերազմը: Շրջաններուն մէջ կը պատահին դէպքեր, որոնք շուտ կը զսպուին՝ բանակին կողմէ, ներքին անվտանգութեան ուժերուն կողմէ կամ ժողովուրին կողմէ: Մէկ միլիոնի շուրջ տեղահանուած ժողովուրդ, որ տուն-տեղ կորսնցուցած է ընդունիլը դիւրին չէ: Շատեր լաւ ձեւով կը դիմաւորեն զիրենք, ուրիշներ՝ կը վախնան։Այսպիսի նուրբ հարցեր կան: Երբ ամէն ինչ վերջանայ, գաղթականները պիտի վերադառնան իրենց գիւղերը, քանդուած տուները, գոնէ մէկ տարի պէտք է կարենան գոյատեւել, մինչեւ կարողանան իրենց տուները վերակառուցել: Իսկ եթէ այս պատերազմը ի նպաստ «Հըզպալլա»ին աւարտի յաղթանակով վերջանայ, նոյնիսկ եթէ Լիբանանը մեծ կորուստներ կրած է ու մեծ վնասներու ենթարկուած, ապա «Հըզպալլա»ն պիտի յայտարարէ, որ յաղթեց: Ասիկա միջազգային նոր ոճ մըն է՝ ամէն մարդ կը յաղթէ: Լուրջ հարց է անշուշտ, որ «Հըզպալլա»ի գործունէութեան դէմ եղող խումբերը իրենց արտայայտութեամբ յանցանքը պիտի դնեն այդ կազմակերպութեան վրայ երկիրը հոս հասցնելու մէջ: Յուսանք, որ այդ օրին չենք հասնիր…։
-Ներհայկական իմաստով, արդեօք տրամադրութիւններ կա՞ն լիբանանահայերու մօտ լքելու իրենց ծննդավայրը: Ի՞նչ է իրական պատկերը այս առումով:
Երբ պատերազմ է եւ ռումբեր կը տեղան, ամէն մարդ կը մտածէ լքել իր երկիրը, բայց այս պայմաններու մէջ դժուար է լքելը՝ օդակայանի հարց կայ, վիզայի հարց, տեղափոխուելու հարց , անշարժ գոյքը վաճառելու հարց: Այս բոլորէն զատ, մարդիկ կան, որոնք իրենց միջին տարիքը անցած են, կ’երկմտին այսպիսի որոշում մը կայացնելէ: Այնքան ատեն, որ լիբանանահայութիւնը կ’ապրի որոշ չափով ապահով վայրերու մէջ, չեմ կարծեր որ կը մտածէ երկիրը լքելու մասին: Հայաստանը միշտ ձեռնբաց ընդունած է հայութիւնը, բայց գիտէք, որ Հայաստանն ալ իր դժուարութիւնները ունի: Լաւագոյնը պիտի ըլլար երկրէն հեռանալ փափաքողները տեղափոխելը ուրիշ գաղութներ, ուր աշխատանք կայ, ապահովութիւն կայ: Հայաստանի ամէնէն դժուար կէտը այն է, որ եթէ մէկը տուն չունի, ապա աշխատանքէն շահած գումարով տան վարձք վճարելը կարելի չէ: Սփիւռքի պատասխանատուներէն մէկը անցեալ օրը ըսաւ, թէ լիբանանհայութեան կողմէ ցանկութիւն չկայ ներգաղթելու: Յուսանք, որ մեր շրջանները ապահով կը մնան: Որոշ չափով տակաւին կեանք կայ՝ դպրոցները բաց են, շուկան բաց է, ուտելիքի հարց չկայ, ամէն բան որոշ չափով բնականոն կ’ընթանայ, բացի ռմբակոծումի ձայներէն: Ներգաղթ կ’ըլլայ եթէ վտանգը հասնի մեր շրջանները, որ կը կասկածիմ:
-Որպէս լիբանանահայութիւն, սփիւռքէն եւ հայրենիքէն ակնկալութիւններ կա՞ն: Օգնութեան արշաւ մը պէ՞տք է սկսիլ: Պէ՞տք է նեցուկ ըլլալ լիբանանահայութեան, ինչպէս որ 2020-ի աղէտալի պայթումին եղաւ:
Օգնութեան կարիքը միշտ կայ: 2020-ի աղէտալի պայթումէն առաջ, «Քորոնա» հիւանդութեան օրերուն, երկրի տնտեսական վատ վիճակը, նեղ պայմաններու մէջ դրին մեր ամբողջ հաստատութիւնները, ըլլայ բժշկական, եւ ըլլայ կրթական: Ժողովուրդը աղքատացաւ: Սկիզբի շրջանը օգնութիւններ եկան, որոնք կամաց-կամաց նուազեցան: NGO-ները կամ հայ հարուստ անհատները ժամանակի ընթացքին կը կասեցնեն իրենց օգնութիւնը կամ այլ տեղեր կ’ուղղեն իրենց օգնութիւնը: Եթէ սփիւռքահայութիւնը օգնութեան արշաւ մը , լաւ կ’ըլլայ, սակայն պէտք է լաւ կազմակերպուած ըլլայ, ապահով ըլլայ: Այս մէկը կ’օգնէ, որ լիբանանահայութիւնը զգայ, որ ինք մինակ չէ, այլ իր մասին մտածող, մտահոգուող կայ: Անշուշտ կազմակերպուած ներգաղթը շատ աւելի լաւ կ’ըլլայ, բայց ինչպէս որ նախապէս ըսինք, դժուար է, քանի որ լիբանանահութեան թիւը մեծ է, կան նաեւ սուրիահայեր:
-Պատերազմները միշտ անկիւնադարձ եղած են: Ձեր կարծիքով սա լուծումներու սկի՞զբ է, թէ՞ նոր տագնապներու մեկնակէտ:
Անցեալները բարեկամ մը իրավիճակին մասին վերլուծում մը կատարելով, ըսաւ, թէ 2006-ի պատերազմէն ետք տասնութ տարի խաղաղութեան մէջ ապրեցանք: Այս խաբուսիկ խաղաղութիւն է, քանի որ խաղաղութեան ընթացքին կողմերը կը պատրաստուին յաջորդ պատերազմին, աւելի արդիական զէնքերով: Կը կարծեմ, որ այս պատերազմէն ետք Լիբանանէն գաղթողներու նոր ալիք մը պիտի ըլլայ եւ դժբախտաբար նորէն քրիստոեաներու մեծ թիւ մը դուրս պիտի գայ երկրէն: Լիբանանը պիտի շարունակէ կռուախնձորը մնալ, այնքան ատեն որ երկու արմատական, ծայրայեղական կողմեր գյութիւն ունին, մէկ կողմէ սիոնիստական- հրեական պետութիւնը, միւս կողմէ պաղեստինեան դատը, որ մինչեւ օրս որեւէ լուծումի մը չհասաւ: Խաղաղութիւն եթէ ըլլայ եւ տասը-քսան տարի տեւէ, յետոյ դարձեալ պատերազմ պիտի ըլլայ:
Սագօ Արեան