image

«Դուք էլ էք էլի փոքրամասնութիւն».Կնեազ Հասանովի յայտարարութիւնը ծիծաղի առիթ դարձած է Ազգային Ժողովէն ներս

«Դուք էլ էք էլի փոքրամասնութիւն».Կնեազ Հասանովի յայտարարութիւնը ծիծաղի առիթ դարձած է Ազգային Ժողովէն ներս

Բոլոր իշխանութիւններու ժամանակ ազգային փոքրամասնութիւններու համար ստեղծուած են բոլոր պայմանները, այսօր մեր ազգը իր լեզուով ուսում կը ստանայ Հայաստանի մէջ: Այս մասին Ազգային Ժողովի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու մշտական յանձնաժողովի նիստին ըսած է եզիտիական համայքնի ներկայացուցիչ, Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Կնեազ Հասանովը:

«Չի բացառուել նաեւ ասորական համայքնը: Կայ դասագրքերի տպագրութիւն եւ ալն: Սա չի ստեղծուել այսօր, ստեղծուել է այն ժամանակ: Բոլոր կառավարութիւնները ազգային փոքրամասնութիւնների համար արել են ամէն ինչ»,-ըսած է Հասանով:

Հասանով, թուարկելով Ազգային Ժողովէն ներս ներկայացուած ազգային փոքրամասնութիւնները, նշած է նաեւ հայերը, ապա ուղղած է խօսքը, որմէ ետք դահլիճին մէջ ներկաները սկսած են ծիծաղիլ.

«Դէ դուք էլ էք փոքրամասնութիւն ինչ-որ տեղ: Այսօր մենք 4 ազգային փոքրամասնութեան ներկայացուցիչներով Ազգային ժողովում ենք, դա հայ ժողովրդի բարի կամքն է»: