image

Դիրքը թողած եւ շփոթահար վիճակով ատրպէյճանեան կողմը հասած զինուորը կալանաւորուած է

Դիրքը  թողած եւ շփոթահար վիճակով ատրպէյճանեան կողմը հասած զինուորը կալանաւորուած է

Ատրպէյճանի դատախազութիւնը յայտնած է ՀՀ պահեստազօրային Գագիկ Ոսկանեանի հետ կապուած քրէական գործ յարուցելու եւ անոր կալանաւորելու մասին։

«Օգոստոս 16-ին ատրպէյճանա-հայկական պետական սահմանի Քալբաջարի շրջանի տարածքով անցնող հատուածին մէջ ԱՀ պետական սահմանի խախտման դէպքի առթիւ Գլխաւոր դատախազութիւնը յարուցած է քրէական գործ, կը կատարուի նախաքննութիւն Հայաստանի Զինուած ուժերու ներթափանցման եւ հետախուզական խումբի կողմէ՝ ահաբեկչական գործողութիւններ իրականացնելու հետ կապուած»,- յայտնած է ատրպէյճանական կողմը։

Գլխաւոր դատախազութեան մամուլի ծառայութենէն АПА-ին յայտնած են, որ Գագիկ Ոսկանեանը որպէս մեղադրեալ ներկայացուած է պատասխանատւութեան՝ քրէական օրէնսգիրքի 206.3.2, 214.2.1, 214.2.3 եւ 318.2 յօդուածներով, դատարանը անոր նկատմամբ խափանման միջոց ընտրած է կալանաւորումը։

«Նախաքննութիւնը կը շարունակուի, որու արդիւնքներու մասին հանրութեան պիտի տրամադրուի մանրամասն տեղեկատւութիւն»,- յայտնած է Ատրպէյճանի դատախազութիւնը։

Օգոստոս 16-ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած էր, որ պահեստազօրային Գ. Ո.-ն, նախնական տուեալներով, ինքնակամ թողած է մարտական դիրքը:

ՊՆ-ն հերքած էր այն հաղորդագրութիւնը, թէ իբր ՀՀ ԶՈՒ-ն սահմանագօտիի արեւելեան հատուածին մէջ ներթափանցման փորձ կատարած է: