Կազայի հատուած ուղեւորուող «Կլոպըլ Սումուտ» մարդասիրական նաւատորմը ստիպուած եղած է վերադառնալ Պարսելոնա՝ նաւարկելէ ընդամէնը քանի մը ժամ անց։ Այդ մասին կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը՝ վկայակոչելով Euronews-ը։
Անկլաւ մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու առաքելութիւնը խոչընդոտած են եղանակային պայմանները։ Ուղեւորութեան կազմակերպիչները նշած են, որ վերադառնալու որոշումը կայացուած է անվտանգութեան նկատառումներէ ելլելով, քանի որ նաւատորմի երթուղիի երկայնքով քամիի արագութիւնը հասած է ժամը 56 քիլոմեթրի, որ վտանգ կը ներկայացնէ փոքր նաւերու համար։
Սպանիոյ ազգային օդերեւութաբանական գործակալութիւնը մէկ օր առաջ նախազգուշացուցած էր Քաթալոնիոյ եւ երկրի այլ ափամերձ շրջաններուն մէջ զօրաւոր անձրեւներու եւ փոթորիկներու մասին։
Ըստ տեղեկութիւններու՝ նաւարկութիւնը յետաձգուած է, սակայն յայտնի չէ, թէ երբ այն պիտի կատարուի։