Մայիս 5-ին, ժամը 01:50-ի սահմաններուն շտապօգնութեան «Արաբկիր» ենթակայանէն ոստիկանութեան Արաբկիրի բաժին ահազանգ ստացուած է, որ բժիշկներու հերթապահ խումբը կանչով մեկնած է Ատոնցի փողոցի շէնքերէն մէկը, ուր յայտնաբերած են կնոջ դի:
Ոստկիկաններն ու քննիչները նշուած շէնքի բնակարաններէն մէկուն մէջ յայտնաբերած են նոյն տան բնակիչ` 35-ամեայ Տաթեւիկ Ա-ի դին:
Դատաբժիշկի նախնական եզրակացութեան համաձայն` պարանոցին եւ դէմքին վրայ կան բռնութեան հետքեր: