image
Հրատապ լուրեր:

Դատախազութիւնը Ռոպերթ Քոչարեանէն կը պահանջէ 25 միաւոր անշարժ գոյք, աւելի քան 35 միլիառ դրամ

Դատախազութիւնը Ռոպերթ Քոչարեանէն կը պահանջէ 25 միաւոր անշարժ գոյք, աւելի քան 35 միլիառ դրամ

Գլխաւոր դատախազութիւնը պահանջ ներկայացուցած է, որով ՀՀ 2-րդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանէն եւ անոր փոխկապակցուած անձերէ կը պահանջէ յօգուտ Հայաստանի բռնագանձել 25 միաւոր անշարժ գոյք։

Այս մասին Ազգային Ժողովէն ներս տարեկան հաշուետւութիւն ներկայացնելու ժամանակ յայտարարած է ՀՀ գլխաւոր դատախազ Աննա Վարդապետեանը։

Բացի այդ դատախազութիւնը կը պահանջէ Ռոպերթ Քոչարեանէն բռնագանձել 5 փոխադրային միջոց, մասնակցութիւն հայաստանեան եւ արտասահմանեան 16 իրաւաբանական անձի մէջ, աւելի քան 4 միլիոն տոլարի աւանդ արժեթուղթ, շուրջ 10 միլիառ դրամի փոխառութիւններու պահանջի իրաւունք, աւելի քան 35 միլիառ դրամ, որ կը ներկայացուի որպէս ապօրինի ծագում ունեցող դրամական միջոցներու մնացորդ՝ բարեխիղճ երրորդ անձանց փոխանցուած միջոցներու ու այլ ծախսուած միջոցներու հանրագումարը։