image

«Դարերէ եկող անուն եւ համբաւ ունի հայը Եգիպտոսի մէջ».Գերշ.Տ. Աշոտ եպս. Մնացականեան

«Դարերէ եկող անուն եւ համբաւ ունի հայը Եգիպտոսի մէջ».Գերշ.Տ. Աշոտ եպս. Մնացականեան

«Յուսաբեր»ի հարցումներուն կը պատասխանէ Եգիպտոսի եւ Սուտանի թեմերու Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աշոտ եպս. Մնացականեան:

Եգիպտոսի եւ եգիպտահայութեան հանդէպ մեր հետաքրքրութիւնը «մօտայիք» բնոյթ պիտի չկրէ։ Անցեալի, դրական ներկայութեան ու նաեւ դերակատարութեան հիմքերու վրայ կազմուած այսօրուան հայագաղութը միշտ ալ պիտի ըլլայ հայկական մեծ օրակարգին վրայ։ Ի վերջոյ բոլորս կը գիտակցինք, որ այսօրուան դրուածքով Եգիպտոսը ունի մեծ դերակատարութիւն եւ այդ առումով ալ կը համարուի մեծագոյն պատուհան մը հայութեան համար։ Պատուհան դէպի Մեծ Մերձաւոր Արեւելքը, դէպի արաբական աշխարհն ու իսլամական աշխարհը։ 

Ուշագրաւ է նաեւ, որ Եգիպտոսի ներկայութիւնը մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ կարծրատիպեր եւ քառացած ընկալումներ կոտրելու կոչուած ըլլալու իսկական առիթ եւ մանաւանդ հնարաւորութիւն է։ 

Ամէն պարագայի վերջին շաբաթներուն եւ ի մասնաւորի Եգիպտոսի նախագահ Ն.Վ. Ապտուլ Ֆաթթահ Սիսիի Հայաստան տուած պատմական այցելութեան զուգահեռ սոյն հարցազրոյցը Եգիպտոսի Հայոց պատմական Թեմի Առաջնորդ Սրբազանին հետ տարբեր առումներով կը բանայ կարգ մը հիմնաւորող փակագծեր աւելի մօտէն ճանչնալու դարերու աւանդին վրայ կայմուած հայկական չքնաղ բոյնին մասին։

Ինչպէս Սրբազան Հայրը նկատել կու տայ, որ հայութեան ներկայութիւնը այդ տարածքներուն վրայ ունի պատմական անցեալ ու այսօր աւելի քան որեւէ ժամանակ ատենն է, որ ճիշդ գնահատենք մեր ունեցած հարստութիւնը եւ հաշուի հետ նստինք մեր այսօրուայ հնարաւորութիւններուն հետ։

Մնացածը՝ հարցազրոյցին մէջ։

-Սրբազան Հայր, օրերս իր լրումին հասաւ Եգիպտոսի մէջ ձեր հովուական ծառայութեան քսանամեակը։ Քսան տարուան ճանապարհ, դէպքեր, զարգացումներ եւ խնդիրներ։ Ի վերջոյ ինչ փոխուեցաւ համայնքի կեանքին մէջ անցնող 20 տարիներուն։ Համեմատութիւններ ներկայացնելով ի՞նչ կարող էք ըսել երէկուան իրականութեան եւ այսօրուան մասին։ Ինչ են տարբերութիւնները ի վերջոյ։

Դժուար է քսան տարիներու հեռաւորութենէն գնահատական մը տալ, յատկապէս եթէ այդ ծառայութիւնը հիմնուած է նախորդներուս ունեցած յաջողութիւններուն, ինչպէս նաեւ մեր համայնքի նուիրեալ, հայրենասէր ու գաղափարակիր անձերու համատեղ գործակցութեան վրայ։ Միւս կողմէն ալ, համեմատութիւն թերեւս տեղին պիտի չըլլայ, քանի որ ժամանակային առումով կեանքի պայմանները տարբեր են. տարբեր են։

Բայց եւ այնպէս, քսան տարիներ ետք իրականութեան մը առջեւ զիս կը գտնեմ, ուր դժբախտաբար զգալի են բացակայութիւնը շատերու, որոնք իրապէս մեծ նպաստ ունեցած են ծառայութեանս ընթացքին։ Մարդիկ, որոնք իրենց գիտակից ողջ կեանքը նուիրած են այս համայնքին` եգիպտահայութեանը, անոր ազգային կեանքին եւ մնայուն հետք մը ձգած են կեանքիս եւ առաջնորդական ծառայութեանս մէջ։

Իրականութիւն մըն է նաեւ հաճելի այն երեւոյթը, երբ կը տեսնեմ նոր սերունդ մը` մանկութեան, պատանեկութեան տարիքը բոլորած երիտասարդ սերունդ, որոնցմէ շատեր համայնքային կեանքին մէջ գործակիցներս են այսօր։

Անցեալի եւ ներկայի ներդաշնակ իրականութիւնն է ասիկայ, երբ ցանած սերմերու ծլարձակումը կը տեսնես նոր սերունդին մէջ, այն համոզումով որ անոնք արժանապատւորէն պիտի կրեն հայապահպանութեան եւ համայնքային կառոյցներու գործունէութեան ծանր, սակայն պատուաւոր բեռը։

 

-Այսօրուան կտրուածքով ինչ են Եգիպտոսի Հայոց Թեմին առջեւ ցցուած մարտահրաւէրները։ Ի վերջոյ, որպէս Թեմի Առաջնորդ ինչպէս կը դասաւորէք այն առաջնահերթութիւնները, որոնք արժանի են Ձեր հիմնաւոր ուշադրութեան։

Եգիպտոսը Հայ Եկեղեցւոյ պատմական եւ աւանդական համայնքներէն մին է։ Այն ունի սփիւռքի համար ընդհանրական եւ անշուշտ իր ներքին, իւրայատուկ խնդիրները։ 

Պէտք է խոստոսվանիլ, որ թեմը ինքնաբաւ է։ Ազգային առաջնորդարանը ամբողջութեան իր վրայ առած է հոգեւոր, կրթական, մարզական մշակութային եւ բարեսիրական հաստատութիւներու նիւթական եւ բարոյական հոգածութիւնը։ Բայց եւ այնպէս, համայնքային կեանքի հիմանական մտահոգութիւնը համայնքի թիւին նուազումն է, որ իր կարգին ապագային այլ դժուարութիւններու առջեւ պիտի դնէ օրուան պատասխանատուները։ 

Հետեւաբար, անձնական եւ թէ միութենական մակարդակով, բոլորիս անխտիր պարտականութիւնն է կարելւոյն չափ ներկայ սերունդին մէջ զօրացնել ազգային ինքնութեան գիտակցութիւնը, խորացնել հայեցի կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը, իչպէս նաեւ սէրը` հանդէպ հայրենիքը եւ հայրենակիցները։ Այս բոլորը անհրաժետ եւ կարեւոր նախապայմաններ են հայու ներկայութիւնը երկար տարիներ Եգիպտոսի հողին վրայ ապահովելու համար, աւելի ճիշտ պիտի ըլլար ըսել` հայ ինքութիւնը կրող եւ պատիւ բերող հայու ներկայութիւն ապահովելու համար։

Համոզուած եմ, որ այս մօտեցումը առաջնային պէտք է դասուի ոչ միայն սփիւռքեան իրականութեան մէջ, այլեւ յատկապէս հայրենիքին մէջ` ներկայի ծանր պայմանները նկատի ունենալով։ Հայրենիքը պէտք չէ դիտել եւ ընկալել իբրեւ զուտ ժամանակաւոր կեցութեան եւ կամ գոյատեւումի վայր . այլ իբրեւ սուրբ օճախ , ուր հայը կ'ապրի հազարամեակներէ իր վեր, եւ պատրաստ պիտի ըլլայ պահել զայն իր ներկայութեամբ, իր արդար քրտինքով ու արժանապատիւ ապրելու իր իրաւունքը պաշտպանել` կեանքի գնով։ 

 

-Վերջին տարիներուն Եգիպտոսը կ՚ապրի համեմատաբեր կայուն եւ խաղաղ օրեր, այդ մէկը առիթ դարձաւ, որպէսզի համայնքը աւելիով ուռճանայ եւ զարկ տայ անշուշտ նոր գործունէութիւնները։ Ի վերջոյ ինչ են թիրախները համայնքային մարմիններու գործունէութեանց եւ եւ ինչ են հիմնական նպատակները։

Իրաւացի էք։ Եգիպտոս կայուն եւ խաղաղ կեանք մը ապրելու պայմաններ ապահոված է հոս հաստատուած հայութեան համար։ Այդ իսկ պատճառով մեր հայրենակիցները, բարձր եւ պատասխանատու պաշտօններ զբաղեցուցած են Եգիպտոսի կառավարման գործին մէջ եւ իրենց մասնակցութիւնն ու նպաստը բերած են տնտեսական եւ քաղաքական կեանքէն ներս։ 

Այս ամէնը, անշուշտ, նպաստած է ազգային կեանքի կազմակերպուած ըլլալուն եւ զարթօնքին, ինչպէս նաեւ թիւի աճին։ Այս համայնքի նախակարապետները հիմնած են հոգեւոր, կրթական, մշակութային, բարեսիրական հաստատութիւններ եւ կառոյցներ։ 

Պէտք է նշել նաեւ որ ասոր զուգահեռ, երկրին մէջ տեղի ունեցած տնտեսական եւ քաղաքական անցեալի ցնցումներն ալ պատճառ դարձած են, որ համայնքի անդամներու թիւը նուազի։

Այս ամէնով հանդերձ, ներկայիս ստեղծուած ապահով պայմաններուն մէջ, փոքրաթիւ մեր համայնքը ամէն ջանք կը գործադրէ, որպէսզի ազգային այդ բոլոր հաստատութիւնները ոչ միայն բաց մնան այլեւ ծառայեն իրենց նպատակին։ Անշուշտ, այս ամէնը տեւական աշխատանքի կը կարօտի, աւելին` համատեղ աշխատանքի, որուն մէջ կարեւոր մասնակցութիւն պարտի բերել երիտասարդ սերունդը։ Քանի որ անոնց ներկայութիւնը եւ մասնակցութիւնը ցանկացած ձեռնարկի յաջողութեան գրաւականն է, միեւնոյն ժամանակ նաեւ կառոյցներու յետագայ գործունէութեան երաշխիքը։

 

-Ներ-Քրիստոնէական առումով ինչ կարող էք ըսել այսօր Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ, քոյր համայնքներուն ու նաեւ Իսլամական համայնքին հետ։ Ինչ որակի են այդ յարաբերութիւնները։ 

Պէտք է շեշտել որ մեր լուսահոգի նախորդի, հոգելոյս Զաւէն Արք. Չինչինեանի շրջանին սերտ յայաբերութիւններ ստեղծուած են Ղպտի Ուղղփառ Քոյր Եկեղեցւոյ եւ այլ յարանուանութիւններու հետ։ Յիշեալ յարաբերութիւնները կը պահենք այսօր ալ, որուն նպաստած է Եգպտոսի եկեղեցիներու միութեան ստեղծումը, որուն հաստատումին մենք եւս ներկայ գտնուած ենք։ 

Նշենք, որ յիշեալ միութեանը մաս կը կազմեն Ղպտի Ուղղափառ եկեյեցւոյ պատրիարքի գլխաւորութեամբ` արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցին, Յոյն Ուղղփառ եկեղեցւոյ Աղեքսանդրիոյ պապը պատրիարքի գլխաւորութեամբ` Արեւմտեան Ուղղափառ եկեղեցին, Ղպտի կաթողիկէ եկեղեցոյ պատրիարքի գլխաւորութեամբ` կաթողիկէ եկեղեցին, ինչպէս նաեւ Ղպտի Աւետարանական եւ Եգիպտոսի անկլիքան եպիսկոպոսական եկեղեցինները։

Ի մասնաւորի անշուշտ ջերմ եւ սերտ յայաբերութիւններ կը պահենք Ղպտի ուողղափառ եկեյեցւոյ հետ. Գահիրէի կեդրոն շրջանի առաջնորդին հետ տարուան ընթացքին կը կազմակերպուին համատեղ հոգեւոր ձեռնարներ, ինչպէս նաեւ նաեւ համատեղ սուրբ պատարագ կը մատուցուի քոյր եկեղեցիներու մասնակցութեամբ։

Պաշտօնական կապերը կը պահենք նաեւ Ազհարի շէյխին հետ. Փոխադարձ պաշտօնական այցելութիւններով եւ տարբեր ձեռնարկներու մասնակցութեամբ։

-Եգիպտահայ համայնքը կը համարուի յարգուած համայնք մը, որուն անդամները վստահաբար բարձր մակարդակի յարաբերութիւններ ունին երկրի քաղաքական մարմիններուն հետ։ Համայնքն ի վերջոյ ինչքանո՞վ կարողացած է դրականօրէն եւ ի նպաստ համայնքին ու Հայաստանին գործի դնել այդ յարաբերութիւնները։

Ինչպէս նշեցի, ժամանակին հայեր կարեւոր պաշտօններ զբաղեցուցած են երկի կառավարման գործին մէջ, ինչ որ մեծ հեղինակութիւն բերած է հայերուն։ Պէտք է հաստատել, որ վերջին տարներուն մեր հայրենակիցները թէեւ պետական կաերւորագոյն պաշտօններ չունին , սակայն բարի անուն, վստահութիւն եւ համբաւ վաստակած են թէ իշխանական եւ թէ պարզ հասարակութեան շրջանակներէն ներս։ 

Ներկայիս ճանչցուած հայորդիներ ունինք գործարար շրջանակին մէջ, ինչպէս նաեւ կրթական ասպարէզին եւ ոսկերչութեան մէջ։ Ունինք ճանչցուած հայրենակիցներ ճարտարապետութեան եւ հնաբանութեան ասպարէզէն ներս, ունինք նաեւ բժիշկներ ու դասախօսներ։ 

Անշուշտ, դարերէ եկող անուն եւ համբաւ ունի հայը Եգիպտոսի մէջ եւ ներկայիս մեր հայրենակիցները պատուով կը պահեն զայն, ինչ որ իր դրական նպաստ մը կը բերէ անհրաժեշտութեան պարագային։ 

 

-Վերջին հարց, խնդրեմ հակիրճ տեղեկութիւններ տուէք մեր ընթերցողներուն Սուտանի համայնքին մասին, ուր նոյնպէս համատեղութեան կարգով կը վարէք Առաջնորդի պաշտօնը։

Նախ նշեմ, որ Եգիպտոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդի հոգեւոր տեսչութեան տակ կը գործեն Սուտանի, Եթովպիոյ եւ Հարաւային Ափրիկէի հանրապետութեան հայ համայնքները։ Վերջինս թիւով թէեւ աւելի է, սակայն նոր համայնք կը սեպուի եւ չունի եկեղեցի եւ կամ ազգային այլ հաստատութիւն։ 

Սուտանի համայնքը թիւով շատ քիչ է. Պարբերաբար հոգեւորական մը կամ մենք կ'այցելելնք եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ սուրբ պատարագ կը մատուցենք` Ս. Ծննդեան եւ Յարութեան տօներուն առիթներով։

Եթովպիոյ մէջ ալ փոքրաթիւ համայնք մը ունինք։ Տարւոյն ընթացքին, ս. Ծննդեան եւ Յարութեան տօներուն եւ այլ առիթներով, մենք կ'այցելենք եւ Ս. Պատարագ կը մատուցենք Ատիս Ապապայի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ։ Ունինք նաեւ «Արարատ» ակումբը, որ յայտնի է գործող հայկական խոհանոցով։

Նշենք նաեւ, որ Տիրե-Տաուա քաղաքին մէջ ժամանակին կը գործէր նաեւ Ս. Մինաս եկեղեցին։ Դժբախտաբար ներկայիս հայեր չեն բնակիր այնտեղ, սակայն վերջին տարիներուն կարելի եղած է քաղաքապետարանի միջոցով գրաւումէ զերծ պահել` ապագային հայկական թանգարանի վերածելու ծրագիրով։

 

Հարցազրոյցը վարեց՝ Սագօ Արեան 

Նիւթը՝ «Յուսաբեր»էն