image
Հրատապ լուրեր:

Դանիա Շիշմանեանը ՝ «Կամաւորութեան ասպետուհի»

Օրերս Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է  Հայաստանի ընկերային ծառայութիւն մատուցող շրջանակներուն քաջ յայտնի անուն հանդիսացող Դանիա Շիշմանեանը։

Շիշմանեան ծնած ըլլալով Վանքուվըր (Գանատա) մեծ կարօտ ունեցած էր մեր երկրի ՝Հայաստանի հանդէպ ու այդ հիմունքով ալ հայրենադարձած ու  ղեկավարած է  Հայաստանի մէջ կամաւորական աշխատանքը խթանող՝ «The Armenian Volunteer Corps» կազմակերպութեան։

Դանիայի գործունէութեան մասին «Արեւելք»   տեղեկացաւ «Հայաստանի կամաւորներու գործակալութիւն» էջէն։

 Աղբիւրը այս մասին (անգլերէնով) ներկայացուցած է կարճ գրութիւն մը, որ կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն։

Խոր կսկիծով կը գուժենք մահը Դանիա Շիշմանեանի, որ տեղի ունեցաւ 19 Դեկտեմբեր, 2021-ին, Երեւան, քաղցկեղի դէմ խիզախ պայքարէ ետք։

2010-էն ի վեր, նուիրուած եւ տաղանդաւոր Դանիան «The Armenian Volunteer Corps» կազմակերպութեան գործադիր տնօրէնն էր։ Ան կը ղեկավարէր կազմակերպութիւնը մեծ սիրով, հպարտութեամբ եւ ազնուութեամբ: Ան բոլորիս սիրելի գործընկերն էր եւ իսկական ղեկավար, որու հետ աշխատիլը մեզի համար հաճոյք էր: Իր ղեկավարութեամբ՝ ողջ աշխարհէն ժամանած հարիւրաւոր կամաւորներ կը վաստակէին կամաւորութեան բարձրորակ փորձառութիւն, որովհետեւ ան չէր խնայեր իր ժամանակն ու ջանքը ապահովելու բոլոր յարմարութիւնները որպէսզի անոնց կամաւորութիւնը Հայաստանի մէջ արդիւնաւէտ ըլլար սկիզբէն մինչեւ վերջ: Ան ջատագովն էր Հայաստանի մէջ գործելիւ, կամաւորներէն կը կերտէր դեսպաններ ամբողջ աշխարհին, ան հպարտութեամբ կը տարածէր կազմակերպութեան կամաւորներու յաջողութեան պատմութիւնները: 

Դանիան ծնած է 21 Ապրիլ, 1960-ին, Վանքուվըր (Գանատա): Երկու տարեկանին իր ընտանիքին հետ փոխադրուած է Մոնթրէալ: Ուսումը ստացած է Մոնթրէալի համալսարանէն: Ան աշխատած է մինչեւ 1990-ականներու սկիզբը երբ փոխադրուած է Ուաշինկթըն: Ան ամուսնացած է պալեթմայսթըր, պարուսոյց՝ Ռուտոլֆ Խառատեանին հետ, եւ ապրած Մերիլանտ նահանգի Սիլվըր Սփրինկ քաղաք: 

Դանիան աշխատած է The Armenian Assembly of America-ի մէջ որպէս դրամաշնորհ ծրագրի ղեկավար, եւ կրցած է ապահովել միլիոնաւոր տոլարներ, առ ի աջակցութիւն ԱՄՆ-ի կառավարութենէն ուղղուած Հայաստանի ոչ պետական կազմակերպութիւններուն, ընդլայնելու ուսուցման եւ առողջութեան ոլորտներու ծրագիրներ Հայաստանի անկախութենէն ետք: 

2009-ին Դանիա եւ Ռուտոլֆ փոխադրուած են Հայաստան, 2 տարի մնալու ծրագրով, ուր սակայն հաստատուած են վերջնականապէս: 

Ան ամուսնոյն հետ հիմնած է «Պալեթ 2021» հիմնադրամը: Դանիան նուիրուած էր արուեստին, նաեւ կ'աջակցէր իր ամուսնոյն, որուն հետ ապրած է 35 տարի: Անոնք նաեւ արուեստի կեդրոն հիմնած են Գիւմրիի մէջ, որ իրականացած է շնորհիւ The Armenian Volunteer Corps կազմակերպութեան եւ Birthright Armenia-ի կամաւորներու աջակցութեան:

The Armenian Volunteer Corps կազմակերպութեան եւ Birthright Armenia-ի խորհուրդը եւ անձնակազմը, ինչպէս նաեւ Յ.Յովնանեան ընտանիքի հիմնադրամի, HIKEArmenia-ի եւ Repat Armenia-ի հովանիին տակ գործող մեր քոյր կազմակերպութիւններու անդամները պիտի կարօտնանք Դանիան, անոր ժպտացող դէմքը եւ բարի հոգին: Դանիայի յիշատակը միշտ վառ պիտի պահենք մեր սրտերուն մէջ ։

Աստուած հոգին լուսաւորէ: