Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը պէտք է անյապաղ միջոցներ ձեռնարկէ Լաչինի միջանցքի արգելափակման վերջ դնելու համար: Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսէն ներս նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Քեթի Փորթըր:
Քոնկրէսականը դատապարտած է Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի արգելափակումը, որ 120 հազար արցախցիները գրեթէ երկու ամիս զրկած է կենսական անհրաժեշտութեան ապրանքներէ:
«Ատրպէյճանի նպատակը յստակ է՝ ստիպել Արցախի էթնիկ հայերը լքել իրենց հայրենիքը՝ ստեղծելով այնպիսի պայմաններ, որոնք անհնար կը դարձնեն ապրիլը: Մենք պէտք է պատասխանատւութեան ենթարկենք Ատրպէյճանը իր յարձակման համար: Ես կը շարունակեմ վարչակազմին կոչ ընել անյապաղ միջոցներ ձեռնարկելու այս արգելափակման վերջ դնելու համար», - ըսած է քոնկրէսականը:
Ան նաեւ շեշտած է, որ Ուաշինկթըն պէտք է դադրի ռազմական աջակցութիւն ցուցաբերել Պաքուին:
«Մենք պէտք է դադրեցնենք ամբողջ ռազմական աջակցութիւնը Ատրպէյճանին:Միացեալ Նահանգներու հարկատուները պէտք չէ օժանդակեն Ատրպէյճանի մշտական յարձակումը հայ ժողովուրդի դէմ: Ես կը շարունակեմ իմ համերաշխութիւնը յայտնել հայ ժողովուրդին եւ ամերիկահայ համայնքին», -եզրափակած է քոնկրէսական Քեթի Փորթըր: