image

Ցուցարարներ ներխուժած են Քոնկրեսի շէնք. Անոնք անայապաղ հրադադար պահանջած են

Ցուցարարներ ներխուժած են Քոնկրեսի շէնք. Անոնք  անայապաղ հրադադար պահանջած են

Ուաշինկթընի մէջ հարիւրաւոր ցուցարարները բողոքի ցոյց իրականացուցած են ԱՄՆ Քոնկրեսի մօտ, որմէ ետք որոշ ցուցարարներ ներխուժած են Քափիթոլիումի շէնք՝ պահանջելով անյապաղ դադրեցնել կրակը Կազայի հատուածին մէջ եւ հրադադար հաստատել Իսրայէլի ու ՀԱՄԱՍ-ի միջեւ, գրած է Daily Mail-ը:

Պարբերականի հաղորդմամբ՝ Քոնկրեսի շէնքի գրոհէն ետք ոստիկանութիւնը սկսած է բերման ենթարկել ցուցարարները։ Աղբիւրի տուեալներով՝ բերման ենթարկուած է մօտ 100 մարդ։ Նշուած է նաեւ, որ ոստիկաններու եւ ցուցարարներու միջեւ բախումներ սկսած են։

«Մենք նախազգուշացուցած ենք ցուցարարները, որ դադրեցնեն բողոքի ցոյցը, իսկ երբ անոնք չենթարկուեցան, մենք սկսանք բերման ենթարկել անոնց», -յայտնած են Քոնկրեսի շէնքի ոստիկանութենէն: