Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինը Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպման ընթացքին Փեքինի ռազմավարական ընտրութիւնը համարած է երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդումն ու զարգացումը։ Այդ մասին ըսուած է Չինաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ, որ ամփոփած է երկու ղեկավարներու ոչ պաշտօնական հանդիպման արդիւնքները։
Այդ մասին «Արմէնփրէս»-ը տեղեկացած Է ТАСС գործակալութենէն:
«Չին-ռուսական յարաբերութիւններու ամրապնդումն ու զարգացումը Չինաստանի ռազմավարական ընտրութիւնն է, որ կը բխի սեփական հիմնարար շահերէ եւ աշխարհի մէջ գերիշխող միտումներէ», - շարադրած է արտաքին գործոց նախարարութիւնը Չինաստանի նախագահի յայտարարութիւններու բովանդակութիւնը։
Սի Ծինփինը նաեւ նշած է, որ Չինաստանը հաստատակամօրէն հաւատարիմ է Ռուսիոյ հետ ռազմավարական համագործակցութեան ամրապնդման ընդհանուր ուղեգիծին։ Բացի այդ, երկու երկիրներու ղեկավարներու միջեւ տեղի ունեցած է «միտքերու խոր փոխանակում ուքրանական հարցի շուրջ»։ Ըստ հաղորդագրութեան՝ Չինաստանի ղեկավարն ընդգծած է, որ երկիրներու մեծ մասը հաւանութիւն կու տայ լարուածութեան թուլացման, կողմ է խաղաղ բանակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ «դէմ Է կրակի վրայ իւղ լեցնելուն»։
Նշուած է, որ Սի Ծինփինը Փութինին վստահեցուցած է, որ «Չինաստանը պիտի շարունակէ կառուցողական դեր խաղալ ուքրանական հարցի քաղաքական կարգաւորման աջակցութեան գործին մէջ»։
Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան նախագահը Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի հրաւէրով մարտ 20-էն մինչեւ 22-ը պետական այցով կը գտնուի Ռուսիա: