Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազ Քեամրան Ալիեւ յայտարարած է, որ բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներու նկատմամբ նախաքննութիւնն աւարտած է, եւ գործերն առաջիկային պիտի ներկայացուին դատարան:
Ինչպէս գրած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, այս մասին ան ըսած է Արեւելեան տնտեսական ժողովին:
Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութիւնը քրէական գործեր յարուցած է բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներէն 15-ի նկատմամբ: 2023 թուականի սեպտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի իրականացուցած զանգուածային ռազմական յարձակումներու հետեւանքով անոնք ապօրինաբար կալանաւորուած են եւ տարուած Պաքու։ Անոնց մեղադրանք առաջադրուած է ահաբեկչութեան, ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման, օրէնքով չնախատեսուած զինուած կազմաւորումներ ու խմբաւորումներ ստեղծելու, ահաբեկչութեան նպատակով վարժանքներ կատարելու համար։
Այժմ Պաքուի մէջ ապօրինի կալանքի տակ կը պահուին նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեան, Բակօ Սահակեան եւ Արայիկ Յարութիւնեան, ԱԺ նախագահ Դաւիթ Իշխանեան, նախկին արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան, Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեան, նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան եւ Զինուած ուժերու շտաբի նախկին պետ Դաւիթ Մանուկեան: