Մեծն Բրիտանիոյ իշխանութիւնները Միացեալ Նահանգներու օրինակով սկսած են տարհանել Քիեւի մէջ գտնուող բրիտանական դեսպանատան աշխատակիցները։ Այս մասին տեղեկացուցած է Բրիտանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ նշելով, որ նման որոշում ընդունուած է «Ռուսաստանի կողմէ աճող սպառնալիքի» լոյսին տակ։
Բրիտանական դիւանագիտական գերատեսչութեան համաձայն` Ուքրանիոյ մէջ Միացեալ Թագաւորութեան դեսպանատունը այդուհանդերձ կը շարունակէ մնալ բաց եւ իրականացնել իր կարեւոր աշխատանքը:
Եւրոմիութեան դիւանագիտութեան ղեկավար Ժոզեփ Պորելը, մինչդեռ, յայտարարած է, որ պատճառ չկայ Ուքրանիայէն տարհանելու դիւանագէտներն ու անոնց ընտանիքները, քանի դեռ Ռուսաստանի հետ բանակցութիւնները կը շարունակուին:
Գերմանական Bild պարբերականը աւելի վաղ յայտնած է, որ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը մշակէ Ուքրանիոյ մէջ գերմանական դեսպանատան աշխատակիցներուն եւ անոնց ընտանիքներու տարհանման ծրագիր` երկրին մէջ իրավիճակի սրացման պարագային: